2015-09-14 13:20:00

''ֆրանչիսկոսի Գաւիթ'' մամլոյ ներկայացում:


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 14 Սեպտեմբեր 2015-ի, առաւօտեան ժամը 10-ին, Ս. Աթոռի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ներկայացումը ''ֆրանչիսկոսի Գաւիթ` մարդկութիւն,  հաւատացեալներու ու ոչ-հաւատացեալներու միջեւ երկխօսութիւն'' ծրագիրին, նախաձեռնութեամբ Մշակոյթի Քահանայապետական խորհուրդին։

ֆրանչիսկոս Գաւիթը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ  Ասսիզի քաղաքին մէջ, Ս. ֆրանչիսկոսի ծննդավայրը, 23-27 Սեպտեմբեր 2015։

Մամլոյ ներկայացումը կատարեցին կարդինալ Ռավազի` նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին եւ հայր Էնցօ ֆորթունաթօ Ասսիզի վանքին մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը։

Կարդինալ Ռավազի իր միջամտութեան ընթացքին ըսաւ. ֆրանչիսկոսը եղաւ այն մարդը որ առանց երկիւղի հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի սուլթանին հետ, ողջագուրեց բորոտը, ու մեղեդիով մը փառքը  հիւսեց արարչագործութեան։

23-27 Սեպտեմբեր իր քաղաքին մէջ, իր վանքին մէջ­, ֆրանչիսկոսի գաւիթը պիտի դառնայ վայրը հանդիպումին, որուն կը նախատեսուի մասնակցութիւնը քաղաքական, պետական, մտաւորական ու գեղարուեստական աշխարհներու այրերու եւ կիներու որոնք պատրաստ են  անսալու ու  խօսելու։

Հանդիպումին առանցքը պիտի հանդիսանայ ''մարդկութիւն'' բառը, ուր պիտի յիշեցուի թէ ամէնքս զաւակներ ենք Ադամի, ուստի կը պատկանիք նոյն ընտանիքին, իսկ փոխաբերական իմաստով ''մարդկութիւն'' կը նշանակէ եղբայրօգնութիւն, կարեկցութիւն եւ գթութիւն, առաքինութիւններ որոնք պէտք են դարձեալ ցոլան որպէսզի կարենանք միատեղ ապրիլ անդորրութեամբ, մէկը միւսին մօտ։

''Ամէնքս միասին ֆրանչիսկոսի գաւիթին մէջ պիտի վերագտնենք ներդաշնակութիւնը բազմազան ընկերութեան, գեղարուեստի, մտածումի ու գեղեցկութեան միջոցաւ։ Ինչպէս անցեալ դարուն ըսած էր դաշնակցային Գերմանիոյ նախագահ Գոնարտ Ատենաուեր. ամէնքս կ՛ապրինք երկնակամարի ներքեւ, իւրաքանչիւրը սակայն ունի իր հորիզոնը։ Ասսիզիի գաւիթը կարող է ողջագուրել բազմաթիւ ու տարբեր հորիզոններ ու զետեղել զանոնք  բազմազան ու միաւոր խճանկարին մէջ'' ըսաւ կարդինալ Ռավազի եզրափակելով իր միջամտութիւնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.