2015-09-14 13:08:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի քարոզը Խաչվերացի տօնին՝ «պէտք է խոնարհինք Քրիստոսի նման»


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 14 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցանեց, որուն ներկայ էին նաեւ խորհուրդական 9ը կարդինալները, որոնք մինչեւ ամսոյս 16ը Սրբազան Պապին հետ հանդիպումներ պիտի ունենան։

Լատին Եկեղեցին այսօր կը տօնէ Խաչվերացը։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը քարոզին մէջ առաւ օրուան ընթերցուածներու մէջ յիշուած օձի կերպարը։

Հին Կտակարանին մէջ կը պատմուի օձին մասին, որ դրախտին մէջ խաբեց մարդ արարածը, կործանումի պատճառ դառնալով։ Օձը ստախօս է եւ նախանձող. սատանայի, օձի նախանձին պատճառով մեղքը աշխարհ մտաւ։

Չարը մեզ կը տանի մեղքի, մեզ կը գայթակղեցնէ։ Մեզ կը հրապուրէ շատ բան խոստանալով, եւ սակայն չի հատուցաներ ոչ մի բան։ Ան կարողութիւնն ունի մեզ գայթակղեցնելու, հմայելու։ Պօղոս Առաքեալ Գաղատացիներուն կը գրէ՝ «Ով անմիտ գաղատացիներ, ո՞վ ձեզ հմայեց. դուք, որ ազատութեան կոչուած էք»։ (հմմտ. Գաղ Գ. 1-5)

Ապա Սրբազան Պապը յիշեցուց Յովհաննու Աւետարանի ընթերցումը, ուր Յիսուս կʼըսէ՝ «Ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, նոյնպէս մարդու որդին պէտք է բարձրանայ։ Որպէսզի ամէն անձ որ անոր հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք ստանայ»։ (Յովհ Գ. 14-15)

Յիսուս իր վրայ առաւ մեր մեղքերը։ Հին Կտակարանի մէջ յիշուած օձը, պարզապէս նախապատկերն էր Յիսուսի, որ խաչին վրայ բարձրացաւ։

Սակայն - հարց տուաւ Սրբազան Պապը - ինչու՞ Յիսուս այդպիսի վատ օրինակ մը կʼառնէ, օձին օրինակը։ Ապա բացատրեց՝ «Յիսուս եկաւ իր վրայ առնելու համար մեր բոլոր մեղքերը, եւ դարձաւ մեծագոյն մեղաւորը, առանց մեղք գործած ըլլալու»։ Պօղոս Առաքեալ կʼըսէ՝ «այն, որ մեղքը չէր ճանչնար, մեզի համար մեղաւոր եղաւ. որպէսզի մենք անոր միջոցաւ Աստուծոյ առջեւ արդարանանք»։ (Բ. Կոր Ե. 21) Իսկ Փիլիպեցիներու ուղղած նամակին մէջ կʼըսէ՝ «Յիսուս, որ աստուածային կերպարանք ունէր, ունայնացուց իր անձը՝ ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդու նման եղաւ, եւ մարդու կերպարանքով ներկայացաւ. իր անձը խոնարհեցուց, հնազանդելով մինչեւ մահ, մինչեւ խաչի մահը»։ (Փիլ Բ. 6-8)

Այս օրինակները մէջբերելով, Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, որ քրիստոնեան ալ պէտք է ինքզինք Յիսուսի նման խոնարհեցնէ։ Խորհուրդ մըն է, երբ մտածենք՝ թէ Յիսուս օձի օրինակը առաւ իր վրայ՝ վատ, չար, մեղաւոր։ Այս է նաեւ քրիստոնեայ հաւատացեալին կեանքը՝ խոնարհիլ Յիսուսի նման եւ անձին վրայ կրել խոնարհեցումներ՝ ինչպէս Յիսուս կրեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.