2015-09-14 09:53:00

Երիտասարդ կրօնաւորներու համաշխարհային հաւաք Հռոմի մէջ 15 - 19 սեպտեմբեր։


(Ռատիօ Վատիկան) 15-19 Սեպտեմբեր 2015 Հռոմի մէջ կը կատարուի երիտասարդ նուիրեալ անձերու հաւաքը` ունենալով որպէս բնաբան. ''Աշխարհը  արթուն պահեցէք, Աւետարան, մարգարէութիւն եւ յոյս։ Հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ նախաձեռնութեամբ  ''նուիրեալ անձերու'' ժողովին եւ ունի որպէս նպատակակէտ երիտասարդ կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներու փորձառութիւններու ու կեանքի ապրումներու վկայութիւններու փոխանակումը։

Երեքշաբթի 15 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 20,30-ին, ս. Պետրոս հրապարակին վրայ նախատեսուած է աղօթքի հսկում. ''Աշխարհը արթնցուցէք. Յիսուս իր մօտ կանչեց ուզածները եւ անոնք ալ գացին անոր մօտ'' (Մարկոս 3­,13)։

Աղօթքի հսկումի բացումը կը կատարէ ողջոյնի խօսքով Նուիրեալ անձերու ժողովին կառավարիչը Կարդինալ João Braz de Aviz։








All the contents on this site are copyrighted ©.