2015-09-13 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին 13 սեպտեմբերի Մարեմեան Աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 13 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ որոնց շարքին նաեւ` Հռոմի Ռեպիպիա բանտէն վաթսուն բանտարկեալներ որոնք Վատիկան ժամանեցին բանտին Տնօրէնի ու փոխ տնօրէնի առաջնորդութեամբ։

Նախ քան Մարեմեան աղօթքը  արտասանելը, Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց, քաղուած օրուան աւետարանէն (Մարկոս 8, 27) ուր Յիսուս իր աշակերտներուն հարց կու տայ ''Մարդիկ ո՞վ կը կարծեն որ ես ըլլամ'' ու անոնք կը պատասխանեն ''Յովհաննէս Մկրտիչ, ուրիշներու համար Եղիան, կամ մարգարէներէն մէկը''։ Յիսուս ապա հարց կու տայ անոնց ''իսկ դուք, ո՞վ կը կարծէք որ ես ըլլամ''։ Կարեւոր հարցում մը զոր Տէրը կ՛ուղղէ անոնց որ իրեն կը հետեւին, քննելու համար անոնց հաւատքը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու աւելցուց -  Պետրոս բոլորին անունով կը պատասխանէ ''Դուն ես Քրիստոսը''։ Այս խօսքին վրայ Յիսուս իր աշակերտներուն կը յայտնէ թէ ''Պէտք է որ Մարդու Որդին շատ չարչարուի....Մեռնի եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէ''։  Այս լսելով Պետրոս մեկուսի կը տանի Յիսուսը ու կը յանդիմանէ զինք, Յիսուս սակայն կը պախարակէ Պետրոսը ըսելով ''Հեռացիր ինձմէ սատանայ, որովհետեւ ըմբռնումդ աստուածային չէ, այլ մարդկային''։ Յիսուս գիտակից է թէ Հօր շնորհքին դիմաց կան չարին փորձութիւնները։

Յայտնելով թէ ինք պիտի չարչարուի ու մեռնի ու ապա յարութիւն պիտի առնէ, Յիսուս ուզեց իրեն հետեւողներուն հասկցնել թէ Ինք Մեսիան է որ կը հպատակի Աստուծոյ կամքին մինչեւ կեանքի զոհաբերում ու ամբոխին ուղղելով խօսքը  հաստատեց թէ ով որ կ՛ուզէ իր աշակերտը ըլլալ պէտք է դառնայ ծառայ եւ զգուշացուց ''Եթէ մէկը կ՛ուզէ ինծի հետեւիլ, ինքզինք թող ուրանայ, իր խաչը առնէ ու ետեւէս գայ''։

Յիսուսին հետեւիլ կը նշանակէ կռել խաչը, ընկերանալու համար Անոր։ Ուղեւորութիւն մը որ կը տանի ազատութեան, մեղքի ու եսասիրութեան կաշկանդումէն։ Այս կը նշանակէ ժխտել մարդկային ըմբռնումը որ ''ես''ը կը դնէ գոյութեան որպէս կեդրոն, ապա կորսնցնել կեանքը Քրիստոսի եւ Աւետարանի համար։

Յիսուսի հետեւիլը կը պահանջէ ունենալ Անոր հետ սերտ կապ մը, ունկնդրել Անոր խօսքերը եւ ընդունիլ Խորհուրդներուն շնորհքը։ 

Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը որ Յիսուսին հետեւեցաւ մինչեւ գողգոթայ, օգնէ մեզի բիւրեղացնելու մեր հաւատքը Աստուծոյ կեղծ պատկերներէ, որպէսզի լիութեամբ յարինք Քրիստոսի ու Անոր Աւետարանին ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ողջոյնի խօսքեր ուղղելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն վերյիշեց թէ այսօր Հարաւային Ափրիկէի մէջ երանելի հռչակուեցաւ Սամուէլ Պենետիքդ Տասուան, ապա բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի կիրակի ու ինչպէս միշտ խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրենց համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.