2015-09-12 12:40:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 12 սեպտեմբերի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 12 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց. Կարդինալ Ճուզեփփէ Վերսալտին` Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի կառավարիչը, անոր ընկերացող Ժողովի քարտուղար գերապայծառ Անճելօ Վինչենցօ Զանիի հետ, ապա ընդունեց ''Էկլելզիա Տէյ'' Քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար` գերապայծառ Կուիտօ Բոցցօ, հուսկ ընդունեց Ճենովայի Արքեպիսկոպոս եւ իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` կարդինալ Անճելօ Պանիասքոն, որմէ ետք ընդունեց Արժանթինցի Հայր Ռաուլ Ռէյնալտօ Թրոնքոզոն։

Ժամը 12,15-ին Ֆրանչիսկոս Պապ` Պօղոս Զ-ի անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի ''Banca di Credito Cooperativo'' դրամատան 7000 աշխատակիցներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն, դրամատան հիմնադրութեան 60-րդ ամեակին առիթով։

Այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Պապը հաստատեց թէ Եկեղեցին լաւ կը ճանչնայ ''գործակցական ընկերութիւններու'' արժէքը որոնց ծագումը կը պարտի քրիստոնէական զօրակցութենէ ներշնչուած շատ մը քահանաներու եւ աշխարհական հաւատացեալներու եւ հասարակութիւններու։ Եկեղեցւոյ փաստաթուղթերու մէջ  ''գործակցական ընկերութիւններու'' մասին ակնարկումը  յաճախակի են ու ''Լաուտաթօ Սի'' շրջաբերականիս մէջ եւս ընդգծեցի անոնց արժէքը - ըսաւ Սրբազան Պապը ու մէջբերեց անցեալ Փետրուարին` ''գործակցական ընկերութիւններու'' համահաւաք ժողովին ուղղած քաջալերանքի խօսքերը։

- Շարունակել ըլլալ մղիչ ուժը որ կը զարգացնէ ընկերութեան տկար խաւերը։

- Ըլլալ դերակատար` առաջարկներ ներկայացնելով ''բարեկեցութեան'' ի նպաստ սկսեալ առողջապահական ասպարէզէն։

- Մտահոգուիլ տնտեսութեան եւ ընկերային արդարութեան միջեւ կայացած կապով, մարդու արժանապատութիւնն ու անոր արժէքը ընտրելով որպէս կեդրոն։

- Դիւրացնել եւ քաջալերել ընտանիքներու կեանքը։

- Նպաստել Դրամի զօրակցական եւ ընկերային գործածութեան զարգացումին` ուր մարդիկը գերիշխեն դրամագլուխին վրայ եւ ոչ թէ հակառակը։

- Զարգացնել ապա տնտեսական պարկեշտութիւնը հուսկ աշխուժօրէն մասնակցիլ համաշխարհայնացումի` զայն վերածելով զօրակցութեան համաշխարհայնացում։

Իսկական մարտահրաւէրը այն է  – ըսաւ ապա Քահանայապետը – աճիլ ու զարգանալ շարունակելով ըլլալ իսկական ''գործակցական ընկերութիւն'',  աշխատելով միասնաբար, աշխատելով ուրիշներուն ի նպաստ։ Դրամատուն ''գործակցական ընկերութիւն'' մը աւելին ընելու է, ան պէտք է մարդկայնացնէ տնտեսութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը զօդէ զօրակցութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա խօսքը կեդրոնացուց ''փոխադարձ օժանդակութեան'' վրայ ու ճառը եզրափակեց քաջալերելով ներկաները շարունակելու ընտանիքներու եւ անհատներու ի նպաստ իրենց գործունէութիւնը ու զայն ընելու այն  հետեւողականութեամբ եւ ուրախութեամբ զոր յառաջ կու գայ երբ հասարակաց բարիքին ի նպաստ կը գործենք։

Տէրը օրհնէ ձեզ ու Տիրամայրը ըլլայ ձեզի առաջնորդ։ Խնդրեմ չմոռնաք աղօթել ինծի համար, ըսաւ Սրբազան Պապը իր ճառին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.