2015-09-12 08:35:00

ՄԱԿ-ը քուէարկեց ի նպաստ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ Պաղեստինի դրօշի բարձրացման։


ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը քուէարկեց ի նպաստ ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ բարձրացնելու դրօշները այն պետութիւններուն, որոնք կազմակերպութեան մէջ դէտի կարգավիճակ ունին: Ներկայիս այդ կարգավիճակը ունին Պաղեստինն ու Վատիկանը:

Բանաձեւին թեր քուէարկեցին 119 երկիրներ, դէմ` 8 երկիրներ` Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Աւստրալիան, Մարշալեան կղզիները, Փալաուն, Միքրոնեզիոյ դաշնակցային նահանգներն ու Թուվալուն: 45 այլ երկիրներ մնացած են ձեռնպահ:








All the contents on this site are copyrighted ©.