2015-09-12 08:10:00

Հարաւային Ափրիկէի մէջ Սամուել Պենետիքդ Տազուա-ի երանացման արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 13 Սեպտեմբեր 2015-ին հարաւային Ափրիկէի մէջ տեղի պիտի ունենայ երանացման արարողութիւնը  ընտանիքի հայր ու  հաւատքի համար նահատակ Tshimangadzo Samuel Benedict Daswa-ի։

Ծիսակատարութիւնը  կը գլխաւորէ Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուցիչը` կարդինալ Անճելօ Ամաթօ` կառավարիչը սուրբերու դատի Ժողովին։

Երանացման թուղթին մէջ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը գրած է. ''Կիրակի 13 Սեպտեմբեր 2015 Հարաւային Ափրիկէի  Thohoyandou թեմին մէջ երանելի պիտի հռչակուի նահատակ Tshimangadzo (սքանչելագործ) Samuel Benedict Daswa Bakali, աշխարհական նահատակ մը, ընտանիքի հայր, պարտաճանաչ կրօնուսոյց, ուշադիր ուսուցիչ մը, Աւետարանի վկայ` մինչեւ արեան հեղում''։

Մինչ Կարդինալ Ամաթօ Ռատովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին երանելի նահատակին մասին հետեւեալ տեղեկութիւններ տուած է.

Ս. Հոգին բարեփոխեց այս երիտասարդը զայն դարձնելով Աւետարանի  ճշմարիտ հերոս մը։ Անոր սիրտը լի էր Աստուածսիրութեամբ ու եղբայրսիրութեամբ։ Ան կը նմանի Եկեղեցւոյ քրիստոնեայ առաջին մարտիրոսներուն, որոնք Հռոմի կայսրերու հալածանքին շրջանին պաշտպանեցին իրենց հաւատքը աղօթքով, արիութեամբ ու թշնամիները ներելով։

Այս նոր երանելին խորանին պատուոյն բարձրացնելով Կաթողիկէ Եկեղեցին կը հրաւիրէ այսօրուան քրիստոնեաները զրահուելու սիրով, եղբայր օգնութեամբ, ներդաշնակութեամբ, զօրակցութեամբ առանց ցեղային, ընկերային կամ կրօնական խտրականութեան։ Կաթողիկէ եկեղեցին կը մեծարէ իր Մարտիրոսներն ու Սուրբերը որովհետեւ անոնք պատգամաբերներ են խաղաղութեան ու բարութեան։  

Երանելի Benedict Daswa ծնած է 13 Յունիս 1946ին ոչ քրիստոնեայ գիւղացի ընտանիքի մը յարկին տակ։ Իր հայրն ու մայրը կը պատկանէին աւանդական կրօնի։ 17 տարեկանին քրիստոնեայ կը դառնայ շնորհիւ Benedetto Risimati-ի աշխարհական պարկեշտ ու հաւատացեալ կրօնուսոյցին։ 1973-ին կը պսակուի պարմանուհի Shadi Eveline Monyai հետ, անդամ լիւտերական եկեղեցւոյ։ Անոնք կ՛ունենան 8 զաւակներ։

1980-1990 տասը տարիներուն ընթացքին ան վեհանձնութեամբ կ՛աշխատի ժողովրդապետութեան մէջ, որպէս ժողովրդապետին գործակից։ Անոր անհատական, ընտանեկան ու ընկերային կեանքը եղաւ միշտ Յիսուսի մասին վկայութիւն մը։ 

Յունուար 1990-ին քաղաքացիական ժողովի մը ընթացքին ան խիղճի ազատութեան անունով կը մերժէ դրամական նպաստը տալ կախարդի մը (կախարդութիւնը հակառակ է իր քրիստոնեայ հաւատքին)։ Տազուա-ի համար Աստուած միայն կարող է պաշտպանել կեանքը ու յաղթել չարին։

2 Փետրուար 1990-ին գիշերը, ներխուժում կը կատարուի Սամուել Պենետիքդ Տազուա-ի տան վրայ ու կը սպաննեն զինք։ 

Անոր նահատակութեամբ, յայտնեց կարդինալ Ամաթօ, Ան մեզ կը հրաւիրէ  ըլլալու Քրիստոսի ճշմարիտ վկաները եւ միմիայն այսպէսով կը դառնանք երկրին աղը ու աշխարհի լոյսը։ Ինչպէս որ ան իր արիւնով հաւատքի վկայութիւն տուաւ, նոյնպէս եւ մենք կանչուած ենք ապրիլ մեր հաւատքը մեր արօրեայ կեանքին մէջ։

Սամուել Պենետիքդ Տազուա որպէս հոգատար ընտանիքի հայր, գիտցաւ հիւրընկալել կեանքը, խնամել ու պաշտպանել զայն։ Ամէն քրիստոնեայ կանչուած է սիրել կեանքը, պաշտպանել ընտանիքը, կրթել զաւակները ու դառնալ բարի քրիստոնեայ ու պարկեշտ քաղաքացի մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.