2015-09-12 08:19:00

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի ուսուցչական կազմի նոր տարեշրջանի անդրանիկ ժողովը։


11 Սեպտեմբեր 2015-ին կայացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու միացեալ ընդհանուր ժողովը, որ ազդանշանը տուաւ 2015-2016 տարեշրջանին վերամուտին:

Ժողովը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9-ին, Հակ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի արարողութեամբ, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ Սապէ շեշտեց, որ ուսուցիչներ եւ կրթական պատասխանատուներ հրաւիրուած են արժանի ուշադրութիւն շնորհելու յատկապէս այն մանուկներուն, որոնք ունին կրթական եւ ընկերային դժուարութիւններ եւ կամ որոնք առաւել զգայուն են մեր կեանքը բարդացնող տագնապներուն :

Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուեցաւ “Ֆարաճեան” հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերու անդամներուն, ընդհանուր թիւով՝ 120:

Իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ հաղորդեց, որ Մեսրոպեանի սկզբունքը կը մնայ նոյնը՝ կատարել լաւագոյնը՝ աշակերտին համար: “Սէր, նուիրում եւ ժամանակ. ահաւասիկ այս է, որ կը սպասուի բոլորէս, որպէսզի մեր աշակերտները սորվին հաւատալ իրենց ուժերուն եւ այդ ճամբով հասնին իրենց լինելութեան”, ըսաւ ան:

Ապա տնօրէնը ներկայացուց Մեսրոպեանի կրթական ընտանիքի նորագիր անդամները, ինչպէս նաեւ ամփոփում մը անցած տարեշրջանի իրագործումներուն, որոնց շարքին՝ վարժարանի փայլուն յաջողութիւնները՝ ֆրանսերէնի DELF եւ պետական քննութիւններուն:

Պարոն Կրէկուար Գալուստ շեշտեց Մեսրոպեանի կրթական ընտանիքին մէջ փոխադարձ վստահութան, սիրոյ եւ հանդուրժողութեան, կարգ ու կանոնի, լրջամտութեան  հետեւողականութեան, ինչպէս նաեւ  նախաձեռնութեան ոգիի կարեւորութիւնը: Ան  յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց ծնողներուն հետ յարաբերութիւնները առողջ եւ կառուցողական պահպանելու հրամայականը:

Վերջապէս, պարոն Գալուստ անհրաժեշտ համարեց աշխուժացնել Ուսուցչական եւ դպրոցական միւս խորհուրդներուն գործունէութիւնը: Ընդհանուր ժողովի աւարտէն ետք, ուսուցիչները ըստ բաժանմունքներու կայացուցին խմբային առանձին հանդիպումներ՝ քննարկելու համար աշխատանքային նորաբաց տարուան առընչուող հարցեր:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.