2015-09-12 07:52:00

Խաչվերացի Տաղաւար Տօնը


Խաչվերացը՝ տարուան վերջին տաղաւար տօնն է և խաչի քառեակ տօներէն մեծագոյնը: Խաչվերացի տօնախմբութիւնը կը տեւէ մէկ շաբաթ: Միւս բոլոր եկեղեցիները զայն կը տօնեն Սեպտեմբերի 14-ին: Իսկ Հայաստանեայց Եկեղեցին ըստ իր որդեգրած սկզբունքին, մեծ տօները կը փոխադրէ մերձաւորագոյն կիրակի օրը, ուստի Խաչվերացի տօնն ալ կը նշէ Սեպտեմբերի 14-ի մօտ կիրակի օրը, այսինքն 11-էն 17-ի միջեւ: Ս. Խաչը կարեւոր տեղ կը գրաւէ բոլոր քրիստոնեայ Եկեղեցիներուն մէջ: Ս. Խաչի հանդէպ սնուցուած բացառիկ յարգանքն ու սէրը կապուած են Քրիստոսի փրկագործութեան խորհուրդին:

Խաչը այլեւս դարձած է համայն քրիստոնէութեան խորհրդանշանը: Քրիստոնէութիւնը ու խաչը գրեթէ նոյնացած են իրար հետ: Խաչերը հիմնականին երեք ձեւի էին. Առաջին ձեւը նման էր բազմապատկման նշանին կամ եւրոպական «X» տառին: Այս տեսակի խաչը յայտնի է որպէս Ս. Անդրէասի խաչ, որովհետեւ ըստ աւանդութեան՝ Անդրէաս Առաքեալը այդպիսի խաչի վրայ կնքեց իր մահկանացուն: Խաչի երկրորդ ձեւը կը նմանէր եւրոպական գլխագիր «T» տառին: Այս ալ յայտնի է եռաթեւ խաչ անուամբ: Իսկ երրորդ ձեւը մեզի ծանօթ քառաթեւ խաչն է: Քրիստոսի խաչափայտը քառաթեւ էր, որուն վերեւի երեք թեւերը, առաւէլ կամ նուազ չափով, իրարու հաւասար են, իսկ ներքեւի թեւը կամ խաչբունը, որ գետնի վրայ կը հաստատուէր, վերիններուն կրկնակի երկարութիւն ունի: քանի որ Աւետարաններուն մէջ յայտնապէս յիշատակուած է որ Խաչին գլխուն՝ գրուած էր անունը. «Յիսուս Նազովրեցի Թագաւոր Հրէից»: Ներկայիս Կաթողիկէ, Ուղղափառ և Արեւելեան Եկեղեցիներու զանազան տաճարներու մէջ կը մեծարուին խաչափայտի մեծ ու փոքր մասունքներ: Կ'ենթադրուի թէ միայն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ունեցած խաչափայտերուն թիւը կը հասնի աւելի քան 100 բեկորի:








All the contents on this site are copyrighted ©.