2015-09-11 12:58:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի ուղերձը կենսոլորտի պահպանման շուրջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 11 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուղերձ մը տուաւ ''Կենսոլորտային արդարութեան եւ կլիմայական փոփոխութիւններ'' նիւթով` ''կայուն զարգացման հիմնարկի'' կազմակերպած  հանդիպումի մասնակիցներուն։

Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպումի մասնակիցներուն, շեշտելով, որ այսպիսի նիւթերու նուիրուած հանդիպումներ երբեք չափազանցուած չեն կրնար ըլլալ։ Կենսոլորտը հասարակաց բարիք մըն է, որ այսօր ծանրօրէն վտանգուած է կլիմայական փոփոխութիւններու, համաշխարհային ջերմութեան աճին, եւ օդերեւութաբանական ծայրայեղ պատահարներու պատճառով, որոնք միշտ աւելի կ’ ընդհանրանան։

Այս նիւթերը լայնօրէն գրաւած են հասարակութեան եւ մամուլի ուշադրութիւնը, եւ որոնց շուրջ գիտնականներ եւ քաղաքագէտներ բանավէճեր կը կազմակերպեն։ Այս ուշադրութենէն յառաջ եկած է լայնատարած համաձայնութիւն մը՝ եթէ ոչ միաձայնութեամբ։

Ինչու՞ եւ ի՞նչպէս պէտք է այս հարցերով մտահոգուինք։ Չենք կրնար մոռնալ կլիմայական փոփոխութեան ընկերային ծանր հետեւանքները։ Ասոր համար, այս հանդիպումը՝ կլիմայի խնդիրը կը նկատէ արդարութեան եւ զօրակցութեան հայող խնդիր մը։ Սա արժանապատուութեան հարց մըն է իւրաքանչիւրին համար՝ ժողովուրդներու եւ հասարակութիւններու համար։

Գիտութիւնը եւ ճարտարարուեստը մեր ձեռքերուն մէջ կը դնեն աննախընթաց իշխանութիւն մը։ Մեր պարտականութիւնն է այդ իշխանութիւնը գործածել բոլոր մարդկութեան եւ մանաւանդ ամենէն աղքատներուն հասարակաց բարիքին համար։

Արդեօք մեր սերունդը պիտի յաջողի՞ յիշուիլ իբր սերունդ մը, որ իր ծանր պարտականութիւնները կատարած է վեհանձնութեամբ։ Մեր ժամանակի իշխող բազմաթիւ հակասութիւններուն մէջ, բաւական պատճառ ունինք սնուցանելու յոյսը՝ կատարելու այդ պարտականութիւնները։ Ա´յս յոյսով պէտք է առաջնորդուինք։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրին կը մաղթեմ, որ այս պարտականութիւնը ունենայ՝ կենսաբեր արարքներու մասնակցելու փորձառութեան ճաշակը. Սուրբ Աւետարանի ուրախութիւնը նաեւ այստեղ կարելի է ապրիլ։

Ի՞նչպէս կրնանք իրագործել մեր պարտականութիւնը, մեր զօրակցութիւնը, մեր անհատի եւ քաղաքացիի արժանապատուութիւնը։ Իւրաքանչիւրը կոչուած է անհատապէս գործելու, համապատասխան ընտանիքի, աշխատանքի աշխարհի, տնտեսութեան եւ հետախուզութեան, քաղաքային ընկերութեան եւ հաստատութիւններու մէջ իր ունեցած դերին։ Չփորձենք դուրս բերել անհնարին դեղագիրներ։ Երկխօսութեամբ է, որ այս հարցերու լուծման կը հասնինք։

Ձեր այս հանդիպումը բարի օրինակ մը կու տայ՝ յառաջացնելու այդ երկխօսութիւնը, իբր միակ ճանապարհ դիմագրաւելու մեր աշխարհի խնդիրները եւ փնտռելու ազդու լուծումներ։

Ինծի նախախնամական կը թուի, որ այս հանդիպումին կը մասնակցին զանազան “աշխարհներու”՝ կրօնքի եւ քաղաքականութեան, տնտեսական գործունէութիւններու եւ գիտական զանազան մասնաճիւղերու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Որպէսզի այս երկխօսութիւնը արդիւնք տայ, պէտք է ներշնչուած ըլլայ թափանցիկ եւ լայն տեսլականէ, եւ յառաջանայ համապարփակ մերձեցմամբ, սակայն ամենէն աւելի՝ մասնակցութեամբ բոլորին։

Կը հրաւիրեմ բոլորը որ ի գործ դնեն ամէն ճիգ, որպէսզի սեղաններուն վրայ, ուր կը քննարկուին լուծումները, լսուին ամենէն աղքատներուն ձայները։

Վերջապէս Սրբազան Պապը յիշեց ամսոյս վերջը, այս հարցերու լուծում գտնելու՝ ՄԱԿի հանդիպումը, ինչպէս նաեւ դեկտեմբերին Փարիզի մէջ կայանալիք համաժողովը։








All the contents on this site are copyrighted ©.