2015-09-11 13:41:00

Հաղորդագրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին Սերպիայի նախագահին շնորհած ունկնդրութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 11 սեպտեմբեր 2015-ին առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Սերպիայի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Թոմիզլաւ Նիքոլիչը­, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, շեշտուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Սերպիայի Հանրապետութեան միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները, ու շօշափուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթեր` հայող եկեղեցական եւ քաղաքացիական հասարակութիւններու միջեւ կապերուն, յատկապէս համամիութենական երկխօսութեան ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տուած սատարին` Սերպիայի ընկերութեան հասարակաց բարիքին ի նպաստ։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սերպիայի` Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացքի ուղեւորութեան մասին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի ու միջազգային մի քանի հարցերու շուրջ, որոնց շարքին Սուրիացի եւ Իրաքցի գաղթականներու եւ փախստականներու իրավիճակը,եւ ներկայ ճգնաժամի­, համախոհ լուծում գտնելու կարեւորութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.