2015-09-10 11:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը ''Equipes Notre-Dame'' ի անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 10 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Վատիկանի Քլեմենթինա Սրահին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Equipes Notre-Dame հաստատութեան կազմակերպած հաւաքի անդամներուն։ Յայտնենք որ ''Equipes Notre-Dame'' շարժումը աշխարհական շարժում մըն է որուն նպատակն է երաշխաւորել ''ամուսնական կեանքի հոգեւորականութիւնը''։

Այս առթիւ ներկաներուն արտասանած իր ճառին մէջ, Սրբազան Պապը ուրախութիւնը յայտնեց անոնց հետ հանդիպելուն համար իրենց համաշխարհային հաւաքին առթիւ, որ տեղի կ՛ունենայ, ըսաւ Ան,  Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսէն մի քանի շաբաթ առաջ, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին ընտանիքներուն հայող հարցեր, որոնք կը կազմեն եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան կենսատու բջիջները եւ որոնք կը գտնուին ներկայ  մշակոյթի սպառնալիքին տակ։

''Այս առթիւ ձեզմէ կը խնդրեմ որ յատուկ օրէն աղօթէք Սիւնհոդոսական հայրերուն եւ Ինծի համար'' ըսաւ Սրբազան Պապը եւ ակնարկեց կազմակերպութեան հոգեւոր խարիզմին ու անոր միսիոներական դերին խօսքը կեդրոնացնելով ''զոյգի'' ապրելակերպին վրայ ու անոր առաքելութեան վրայ որպէս քրիստոնէական վկայութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ''զոյգերը'' ի գործ դնելու իրենց փորձառութիւնը ու յարատեւելու Աւետարանի ուղիով, յատկապէս շեշտը դնելով ընտանեկան աղօթքի կարեւորութեան վրայ որ ''միշտ նեցուկ եղած է քրիստոնեաներու հաւատքին ու անոնց յոյսին''։

Սրբազան Պապը ապա ակնարկեց Equipes Notre-Dame -ի ''զոյգերու միջեւ երկխօսութեան'' ամսական ձեռնարկին, գնահատելով այդ ձեռնարկը  որպէս գաղափարներու եւ փորձառութեան փոխանակումի պահ մը ուր կ՛ապրուի ''խմբային'' կեանք եւ ուր ամէն մէկ անհատ ուրիշին կը փոխանցէ իր հարստութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յորդորեց ապա ներկաները` ամրապնդելու իրենց միսիոներական յանձնառումը յայտնաբերելով ընտանիքի իսկական դիմագիծը անպէս ինչպէս ծրագրուած է Աստուծոյ կողմէ` ''այր ու կնոջ միջեւ կապ մը'' որ խեղաթիւրուած է գաղափարախօսական ներկայ հոսանքներէ։ ''Ասոր համար կը հրաւիրեմ ձեզ աւելիով աշխատելու եւ հիւրընկալելու, կազմաւորելու եւ առաջնորդելու հաւատքի մէջ երիտասարդ զոյգերը որոնք կը պատրաստուին ամուսնութեան'' շեշտեց Սրբազան Հայրը, յորդորելով ներկաները միշտ աւելիով մօտիկ ըլլալու նաեւ ''վիրաւոր'' ընտանիքներուն, աղքատութեան, աշխատանքի պակասի, հիւանդութեան եւ կամ այլ պատճառներու բերումով։

''Քաջութիւնը ունենալու ենք այս ընտանիքներուն հետ կապ հաստատելու, ըլլայ մարդկային ըլլայ հոգեւոր գետնի վրայ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերելով ''Equipes Notre-Dame'' զոյգերը դառնալու Եկեղեցւոյ եւ Քրիստոսի ողորմութեան գործիքներ հանդէպ այն անձերուն որոնց ամուսնական կեանքը քանդուած է։

''Ամուսնական հաւատարմութիւնը Աստուծոյ պարգեւ մըն է։ Միացած եւ ուրախ զոյգ մը շատ աւելի լաւ կրնայ հասկնալ ուրիշին վէրքն ու տառապանքը որ յառաջ կու գայ, դաւաճանութենէն եւ սիրոյ ձախողութենէն'' - ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու աւելցուց - ''Ասոր համար հարկաւոր է որ դուք ձեր վկայութիւնը տաք ու ձեր փորձառութիւնը դնէք ի սպաս քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, նեցուկ կանգնելով անձերուն եւ օգնելով որ քալեն հաւատքի եւ ճշմարտութեան ուղիով, Քրիստոսի` Բարի Հովիւի հայեացքին տակ, առանց մոռնալու ընտանեկան տագնապէն յառաջ եկած մանուկներուն տառապանքն ու ցաւը։

Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը աւարտեց ներկաներուն վերանորոգելով իր քաջալերանքը յարատեւելու իրենց գործունէութեան մէջ ու զոյգերը յանձնեց Աստուածամօր եւ Սուրբ Յովսէփի հովանիին ու բոլորին տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.