2015-09-10 12:54:00

Սուրբ Գիրգոր Նարեկացի. Քրիստոս՝ Մեր Փրկութիւնը


Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ կը մօտենան Սուրբ Խաչի Տօները։ Սուրբ Խաչը մեզ հաշտեցուց Աստուծոյ հետ եւ մեզի փրկութիւն բերաւ։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, Մատեան Ողբերգութեան աղօթագրքին մէջ սրտառուչ տողերով կը ներկայացնէ Քրիստոսի չարչարանքները, եւ Աստուծոյ ողորմութիւնը։ Այս իրականութիւնը յոյս կը ներշնչէ հաւատացեալին եւ փրկութիւն կը շնորհէ։

Մատեան Ողբերգութեան ԽԲ գլխուն մէջ Սուրբ Գրիգոր կ’աղօթէ՝

“Տէր Աստուած գթութեան, փրկութեան եւ ողորմութեան,

Քաւութեան եւ նորոգութեան, բժշկութեան եւ առողջութեան,

Լուսաւորութեան եւ կենդանութեան, յարութեան եւ անմահութեան,

Յիշէ զիս, երբ գաս քու թագաւորութեամբդ,

Ահաւոր, հզօր, բարերար եւ ամենաստեղծ,

Կենդանի, գովեալ, ամենակատար,

Դուն մօտ ես բոլոր արարածներու հեծութեան։

 

Քու կողքդ խաչեալին հետ միասին կը պաղատիմ քեզի,

Որ Քեզի համար չէ որ կալանաւորուած էր, ո´չ ալ Քեզի համար բանտարկուած

Ո´չ խաչէն կախուած, եւ ո´չ ալ խաչի վրայ գամուած,

Ո´չ Քու մեծ անունիդ համար հրուածներու ենթարկուած, եւ ո´չ ալ անարգուած,

Ո´չ խոշտանգուած, եւ ո´չ ալ արհամարհուած,

Ո´չ խորտակուած, եւ ոչ ալ մահացած,

Սակայն դուն զայն արժանի համարեցար արքայութեան, արդարներու ժառանգութեան՝

Քու անձկալի լոյսիդ։

Քու արդար ուխտով եւ “Ամէն”-ակոչ երդումովդ՝

Հաստատելով՝ թէ բարիքներդ անփոփոխ են,

Փառաւորեցիր զայն, որպսէզի ես՝ իսպառ լքուածս, քու փրկութեանդ յուսամ։

 

Օրհնեա´լ ըլլաս, օրհնեա´լ ըլլաս, դարձեալ օրհնեա´լ ըլլաս,

Զիս ալ նոյն հաւատքով ընդունելով՝

Կանգնէ կործանումէն, ո´վ բարերար,

Բժշկէ հիւանդութիւններու ախտէն, ո´վ ողորմած,

Մահու սահմանէն՝ զիս կենաքի վերադարձուր, ո´վ կենդանութիւն,

Ես ալ Քեզի կը պատկանիմ, զի´ս ալ պարեցուր անոր հետ, ո´վ ապաւէն,

Մեռած անձիս կենդանութեան շունչ շնորհէ, ո´վ յարութիւն,

Կե´անք, անմահութիւ´ն, անսպա´ռ բարութիւն,

Անսպա´ռ շնոհրք, անփոփոխ ներողութիւն,

Աջ ամենազօր, ձեռք ամէնիշխան, մատ ամենամերձ։

 

Տէր դուն միայն կամեցիր՝ եւ ես կը փրկուիմ,

Միայն գթութեամբդ ակնարկէ՝ եւ ես կ’արդարանամ,

Միայն խօսքով ըսէ, եւ ես անմիջապէս կը մաքրուիմ,

Մոռցիր չարիքներուս թիւը, եւ ես անմիջապէս ոտքի կը կանգնիմ,

Առատաձեռնօրէն տուր ինծի, եւ ես իսկոյն քեզմէ կը պատուաստուիմ,

Դուն, որ ամէն ինչի մէջ յաւիտեան փառաւորուած ես։ Ամէն։

 

Գրիգոր Նարեկացի այս աղօթքին մէջ կը խօսի Յիսուսի հետ միասին խաչուած աւազակի մասին։ Սուրբ Գրիգոր իր յոյսը կը դնէ Աստուծոյ ողորմութեան մէջ։ Յիսուս այն աւազակը արժանացուց արքայութեան։ Սակայն աւազակը Յիսուսի համար չէր խաչուած։ Անոր արժանիքը հաւատքին մէջն էր։ Սուրբ Գրիգոր կը խնդրէ նոյն գթասիրտ ակնարկը Աստուծոյ կողմէ։ Սուրբին յիշած չարչարանքները Յիսուս կրեց, եւ ի´ր չարչարանքներով եւ ի´ր խաչելութեամբ փրկութիւն շնորհեց, ոչ թէ մեր արժանիքներով։ Շատ սրտառուչ են Նարեկացիի գործածած խօսքերը, ուր Աստուած կ’անուանէ բարերար, ողորմած, կենդանութիւն, ապաւէն, յարութիւն, բարութիւն, ներողութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.