2015-09-10 09:22:00

Պոզէի շարժումը խորհրդաժողով գումարած է ‘’Ողորմութիւն ու ներում’’ նիւթին մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) 9-12 Սեպտեմբեր Պոզէի վանական հասարակութիւնը իր տարեկան 23-րդ ժողովը գումարած է  ''ողորմութիւն եւ ներում'' նիւթին մասին։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այս առթիւ ուղղած պատգամին մէջ կը յիշեցնէ ժողովականներուն որ ողորմութիւնը կը ցոլացնէ Աստուծոյ  լոյսն ու մեծ սէրը մարդկութեան հանդէպ։

Պոզէի համամիութեան հասարակութեան նախագահը յայտնեց որ ողորմութիւնը եղբայրսիրութեան հետ միասին  Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւն է։ Մարդկութիւնը, քրիստոնեան ու եկեղեցին կարիքը ունին ողորմութեան։ Ներումի մասին անդրադառնալով Ան ընդգծեց թէ ''Յիսուս խնդրեց որ Եօթանասուն անգամ  եօթը ներելու ենք'' եւ թէ ''այդ ներումը  ըլլալու է փոխադարձ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.