2015-09-10 09:51:00

Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն ընթացքին նախատեսուած ձեռնարկներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն նուիրուած կայքէջին մէջ հրապարակուած են Յոբելենական տարւոյն ընթացքին նախատեսուած ծրագիրներ ''Մեծ ձեռնարկներ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ'' վերտառութեամբ որուն մէջ նշուած են այն արարողութիւններն ու հանդիպումները որոնք տեղի պիտի ունենան Յոբելենական տարւոյն ընթացքին եւ որոնց իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը: Անոնց առաջինը անշուշտ կը հանդիսանայ Յոբելենական Տարւոյն բացումը որ նախատեսուած է 8 դեկտեմբեր 2015-ին, Անարատ Յղութեան տօնին օրը, որուն ընթացքին հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կը կատարուի Սուրբ Պետրոսի Սուրբ Դուռին, ապա 13 դեկտեմբերին բացումը կը կատարուի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի եւ Հռոմի Սուրբ Պօղոս Պազիլիքաներու եւ աշխարհի այլ Մայր տաճարներու Սուրբ Դռները։

2016-ին Յունուար մէկին` խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ եւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր տօնին օրը բացումը կը կատարուի Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի Սուրբ Դուռին։

19 – 21 Յունուար 2016 կը նշուի ուխտագնացութիւններով զբաղող կազմակերպութիւններու յոբելեանը։

Երկուշաբթի 25 յունուար 2016-ին` Սուրբ Պօղոսի դարձին օրը Սուրբ Պօղոսի Պազիլիքային մէջ տեղի կ՛ունենայ Համամիութենական արարողութիւն։

Փետրուար ամսոյն նախատեսուած են ապա. 2 Փետրուար, Տեառնընդառաջի տօնին օրը եւ Նուիրեալ Կեանքի Օր,  նշում Նուիրեալ Անձերու Յոբելեանին եւ Նուիրեալ Անձերու նուիրուած տարւոյն փակումը։ 

10 Փետրուարին Մոխրոց օր է։ Այդ օրը` Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ առաքումը պիտի կատարուի ''ողորմութեան միսիոնարներու'',  հուսկ 22 փետրուարին` Սուրբ Պետրոսի Գահին տօնին օրը կը նշուի Հռոմի Քուրիայի, Վատիկանի Պետութեան եւ Սուրբ Աթոռին պատկանող հաստատութիւններուն յոբելեանը։

2016-ի Մարտ ամսուայ ընթացքին տեղի պիտի ունենայ ''24 ժամ Տիրոջ համար'' ծրագիրը` ուրբաթ 4 եւ  շաբաթ 5 մարտին, մինչ 20 Մարտին ծաղկազարդի տօնին օրը եւ Երիտասարդներու Միջազգային օրուան առթիւ Հռոմի մէջ պիտի նշուի Թեմական երիտասարդներու յոբելեանը։

3 ապրիլը յատկացուած է բոլոր անոնց որոնք կ՛ապրին ողորմութեան փորձառութիւնը իսկ 24 ապրիլը յատկացուած է դրոշմի խորհուրդը ընդունող` 13 – 16 տարեկան պատանիներուն` ''Դաւանիլ հաւատքը ու կերտել ողորմութեան մշակոյթ մը'' բնաբանով։

Մայիս 27-էն 29` կը նշուի սարկաւագներուն Յոբելեանը։ Իսկ 3 Յունիսին` Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնին հաստատումին 160րդ տարեդարձին օրը, կը նշուի քահանաներուն Յոբելեանը ապա 12 Յունիսը յատկացուած է հիւանդներու եւ անկարներու յոբելեանին։

26 - 31 յուլիս 2016 Քրաքովիայի մէջ տեղի կ՛ունենայ Երիտասարդութեան Համաշխարհին օրուայ հաւաքը որուն բնաբանն է` ''Երանի Ողորմածներուն որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն''։ Այս օրերը յատկացուած են երիտասարդներու յոբելեանին։

Օգոստոս ամսուայ ընթացքին յոբելենական ձեռնարկներ չկան իսկ Կիրակի 4 սեպտեմբերին կը նշուի ողորմութեան բարեսիրական ու կամաւորական աշխարհին յոբելեանը` Երանելի Քալքութայի Մայր Թերեզայի յիշատակին օրուան առթիւ` որ կը զուգադիպի 5 սեպտեմբերին։

25 Սեպտեմբերին կը նշուի կրօնուսոյցներու Յոբելեանը։

8 եւ 9 հոկտեմբերին` Վարդարանի Տիրամօր տօնին օրը պիտի նշուի ''Ողորմութեան Մօր'' Մարեմեան Յոբելեանը։

Իսկ 1 նոյեմբեր 2016-ը` Ամենայն սրբոց տօնին օրը, կը յատկացուի ննջեցեալներուն անոնց հոգւոյն հանգստեան համար Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին գլխաւորած սուրբ պատարագի արարողութեամբ ապա 6 նոյեմբերին կը նշուի  բանտարկեալներուն Յոբելեանը։

13 նոյեմբերին կը կատարուի Հռոմի եւ թեմական եկեղեցիներու Սուրբ Դռներու  փակումը իսկ 20 նոյեմբերին` Տիեզերքի թագաւոր մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի տօնին օրը Փակումը կը կատարուի Սուրբ Պետրոսի Սուրբ Դուռին եւ կ՛եզրափակուի Ողորմութեան նուիրուած Սուրբ Տարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.