2015-09-10 12:35:00

Յիսուս ողորմած է, Ան որ չի ներեր Քրիստոնեայ չէ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն'' ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  քարոզին կեդրոնական նիւթը արտասանուած այսօր առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին։

Ֆրանչիսկոս Պապը դատապարտեց անոնք որոնք զէնքեր կ՛արտադրեն սպաննելու համար մարդիկը,­ զգուշացնելով նաեւ քրիստոնեայ հասարակութիւնները ներքին բախումներէն։ Ան ապա նոր յորդոր մը ուղղեց Քահանաներուն որպէսզի ըլլան ողորմած` այնպէս ինչպէս ողորմած է Տէրը։ 

Յիսուս, ըսաւ Քահանայապետը, խաղաղութեան իշխանն է, որովհետեւ ''խաղաղութիւն'' կը յարուցէ մեր սրտերուն մէջ։ Ան ապա մատնանշեց թէ լրատուամիջոցներու միջոցաւ ականատես ենք պատերազմներու, կործանումի, ատելութեան եւ թշնամութիւններուն եւ թէ կան մարդիկ որոնք կ՛աշխատին զէնքերու արտադրութեամբ, որոնք անմեղներու արիւնով թրջուած են։ Խաղաղութիւնը կը փրկէ, խաղաղութիւնը կեանք է, զարգացում է ,մինչ պատերազմը կ՛ոչնչացնէ։

Մեր քրիստոնեայ հասարակութիւններուն մէջ եւս կան ''պատերազմներ'' դիտել տուաւ Սրբազան Պապը ու թելադրեց ''հաշտուիլ'' ընդգծելով թէ այս ընելու համար ''ներումը'' բանալի բառն է։ Եթէ դուն չես գիտեր ներել դուն քրիստոնեայ չես, բարի մարդ կրնաս ըլլալ, սակայն եթէ չներես, դուն Տիրոջ խաղաղութիւնը չես ընդունիր։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց հասարակական կեանքի մէջ տեղի ունեցող հարցերուն որոնք շատ անգամ բախումներ կը յառաջացնեն հուսկ մատնանշեց այլ բանալի բառի մը` որ է ''ողորմութիւնը''։ ''Տէրը որ ողորմած Հայր է միշտ մեզ կը ներէ. Ան միշտ կ՛ուզէ մեր հետ հաշտ ըլլալ'' ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու խօսքը ուղղելով Քահանաներուն յորդորեց որ ըլլան ողորմած Յիսուսի նման։ Ապա Տիրոջմէն հայցեց շնորհքը իրար զիրար հանդուրժելու, իրար զիրար ներելու եւ ըլլալու ողորմած այնպէս ինչպէս ''Տէրը մեր հետ ողորմած է''։








All the contents on this site are copyrighted ©.