2015-09-10 09:41:00

Մոսկուա թիկունք է Ասատի Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ։


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ եթէ պէտք ըլլայ իր երկիրը կրնայ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար յաւելեալ զինուորական միջոցառումներ որդեգրել:

«Սուրիոյ հետ զինուորական գործակցութիւնը կը շարունակուի, եւ այդտեղ սուրիացիները մարզելու համար ռուս զինուորական մասնագէտներ կան», ըսաւ Զախարովա` աւելցնելով. «Սուրիոյ հետ զինուորական համագործակցութեան շուրջ արհեստական արշաւը զարմանք կը պատճառէ, որովհետեւ այդ գործակցութիւնը գաղտնի չենք պահեր»:

Ան նշեց, որ սուրիական եւ իրաքեան բանակները գետնի վրայ գլխաւոր ուժերն են, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը կռուին:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին տրամադրուած ռուսական զինուորական որեւէ աջակցութիւն հակառակ ազդեցութիւն պիտի ունենայ` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական միջամտութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին պիտի չնպաստէ»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ հաւաքական կերպով պայքարելու կարեւորութիւնը շեշտեց:








All the contents on this site are copyrighted ©.