2015-09-10 09:10:00

ԱՄՆ. ''կատակել Քահանայապետին հետ'' նիւթով համացանցային նոր ծրագիր։


(Ռատիօ Վատիկան) Միացեալ Նահանգներու մէջ հրապարակուած է նոր համացանցային ծրագիր մը ''App'' բարի գալուստ մաղթելու Սրբազան Քահանայապետին, յառաջիկայ օրերուն Ամերիկա կատարելիք հովուական այցելութեան առիթով։

Նախաձեռնութեան նպատակն է բոլոր ամերիկացիները տեղեակ պահել ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կատարելիք այցելութեան մասին եւ միաժամանակ դրամահաւաք կատարել եղբայրսիրական երեք ծրագիրներու իրականացումին համար` Եթովպիայի, Քենիայի եւ Արժանթինայի մէջ։

Սրբազան Հայրը այս առթիւ պատգամ մը ուղղեց իր աջակցութիւնը յայտնելու այդ ծրագիրին եւ իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ երջանկութեան եւ ուրախութեան մասին։

''Երջանկութիւնը ամենէն կարեւոր պարգեւներէն մէկն է։ Տէրը կ’ուզէ որ ամէնքը երջանիկ ըլլան։ Կարգ մը երկիրներու մէջ մանուկները զրկուած են երջանկութեան  պարգեւէն'' գրեց Սրբազան Հայրը պատգամին մէջ ապա աւելցուց ''Ասոր համար ձեզ կը հրաւիրեմ դառնալու ''երջանկութեան առաքեալներ'' եւ ''ուրախութեան պատգամաւորներ'', նոյնիսկ երբ անտրամադիր էք։ Ես ալ կը սիրեմ ծիծաղիլ։ Եւ երբ ծիծաղինք մէկու մը հետ, ոչ թէ մէկու մը մասին, Աստուծոյ սէրը մեր հետն է յատուկ կերպով։ Ձեզ կը հրաւիրեմ բաժնեկցելու ձեր ուրախութիւնը համայն աշխարհին հետ։ Աստուած կ՛ուզէ որ դուք երջանիկ ըլլաք։ Զաւեշտ մը պատմեցէք ու աշխարհը աւելի լաւ կը դառնայ եւ Քահանայապետը շատ ուրախ պիտի ըլլայ եւ Աստուած երջանիկ։








All the contents on this site are copyrighted ©.