2015-09-09 11:02:00

Սանթ Էճիտիոյի խաղաղութեան կոչը՝ Թիրանայի մէջ կազմակերպուած հաւաքի աւարտին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 8 սեպտեմբերին, աւարտեցաւ Սանթ Էճիտիոյի Հասարակութեան հանդիպումը, որուն նշանաբանը՝ “խաղաղութիւնը միշտ կարելի է”, կոչ մըն էր խաղաղութիւն հաստատելու։ Հաւաքի աւարտին, Սանթ Էճիտիոյի Հասարակութիւնը, այս կոչը կրկին լսելի դարձուցած է եզրափակիչ յայտարարութեամբ մը։

Ի տես աշխարհի վրայ կատարուած արագ փոփոխութիւններուն – կը նշէ յայտարարութիւնը – անանուն ոյժեր ամբողջ ժողովուրդներու ճակատագիրը վտանգի տակ կը դնեն։ Ծանօթ են մեզի այն տառապանքները, որոնք յառաջ կու գան ոյժի եւ դրամի կռապաշտութենէ, կաշառակերութենէ եւ Աստուծմէ հեռացումէ, արարչութեան չարաշահումէ, բռնութենէ եւ անվերջ պատերազմներու տառապանքէ։ Պէտք է ժողովուրդներու շարժում մը ստեղծուի՝ որ դիմադրէ ահաբեկչութեան եւ բռնութեան։ Խաղաղութիւնը Աստուծմէ կու գայ. հետեւաբար աղօթենք խաղաղութեան պարգեւն ընդունելու համար։ Կրկին սորվինք երկխօսութեան եւ խաղաղութեան լեզուն։ Խաղաղութիւնը միշտ կարելի է։ Հետեւաբար զայն պէտք է կերտենք միասնաբար, բոլորս, հաւատացեալներ եւ ոչ հաւատացեալներ։ Աստուծոյ շնորհքով, մեր այս ժամանակները պիտի վերածենք խաղաղութեան ժամանակի. որովհետեւ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ։

Յայտնենք որ վերոնշեալ հաւաքը սկիզբ առած էր կիրակի 6 սեպտեմբերին որուն բացումին արարողութեան ընթերցումը կատարուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ժողովականներուն ուղղած պատգամին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.