2015-09-08 14:05:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ս. Պսակի հայող ինքնագիր երկու նամակները։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 8 Սեպտեմբեր 2015, կէսօրին, Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ինքնագիր երկու նամակներուն ներկայացումը, որոնք կը հային Ս. Պսակի անվաւերականութեան կանոնական դատի գործընթացի փոփոխութեան։

Այդ փոփոխութիւնները կը հային Լատին եւ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու երկու կանոնագրքերուն։ Երկու ինքնագիր նմանակներն են՝ Mitis Iudex Dominus Iesus (“Գթասիրտ Դատաւորը Տէր Յիսուս”)՝ Լատին Եկեղեցւոյ համար, եւ Mitis et misericors Iesus (“Ողորմած եւ Գթասիրտ Յիսուս”)՝ Կաթողիկէ Արեւելեան Եկեղեցիներու համար։

Վերոնշեալ նամակներու ներկայացումը կատարեցին՝

- Գերապայծառ Pio Vito Pinto, նախագահ Վատիկանի Դատական Ատեանին եւ նախագահ պսակի կանոնական ատեանի բարեփոխումի յանձնախումբի։

- Կարդինալ Francesco Coccopalmerio, նախագահ Օրէնսդրական Բնագիրներու Քահանայապետական Խորհուրդի։

- Գերապայծառ Dimitrios Salachas, առաջնորդ Աթէնքի յոյն կաթողիկէներու եւ անդամ օրէնսդրական յատուկ յանձնախումբին։

- Գերապայծառ Luis Francisco Ladaria Ferrer, Յիսուսեան միաբան եւ քարտուղար Սուրբ Աթոռի Հաւատոյ Ժողովի եւ անդամ օրէնսդրական յատուկ յանձնախումբին։

Կաթողիկէ Արեւելածէս Եկեղեցիներու հայող նամակը՝ “Ողորմած եւ Գթասիրտ Յիսուս”, կը նախատեսէ ամբողջական փոխարինում Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագրքի (CCEO) 1357-1377 կանոններուն՝ նոր կանոններով, որոնք ի զօրու են նամակի հրապարակումով՝ 8 սեպտեմբեր, 2015։

Ֆրանչիսկոս Պապի մտահոգութիւնը, ինչպէս ան կը յիշէ իր նամակին մէջ, հոգիներու փրկութիւնն է, որոնց խնամքը յանձնուած է Եկեղեցւոյ, եւ յատկապէս թեմերու մէջ՝ եպիսկոպոսներուն։

Հետեւաբար, նամակին մէջ շեշտուած է թեմական Եպիսկոպոսի կենդրոնական դիրքը՝ պսակի խորհուրդի անվաւերականութեան դատին մէջ։ Արեւելեան Եկեղեցիներու Հայրերու ուսուցման մէջ՝ Եպիսկոպոսը կը ներկայացնէ Յիսուսի կերպարը, կը ներկայացնէ Յիսուս։ Եպիսկոպոսը, ըստ սոյն ուսուցման եւ աւանդութեան, դատաւոր է եւ բժիշկ։ Ան դատերը կը տեսնէ եւ կ’աշխատի իրեն յանձնուած հոգիներու վէրքերը եւ հիւանդութիւնները բուժել։ Եպիսկոպոսը, այս հանգամանքով, իր իշխանութիւնը կը կիրարկէ “ճշգրտութեամբ” եւ հովուական “տեսչութեամբ” կամ խոհականութեամբ։ Այս սկզբունքները ճանչցուած են արեւելեան Եկեղեցիներու մէջ ի հնուց։ Դատաւորէն կը պահանջուի ճշգրտութիւն՝ հաւատքի հայող բոլոր հարցերուն մէջ, եւ սակայն օրէնքներու կիրարկումին մէջ՝ տեսչական խոհականութիւն՝ ի նպաստ հոգիներու փրկութեան, որ Եկեղեցւոյ գերագոյն օրէնքն է։

Սրբազան Պապը նամակին մէջ կը տնօրինէ սղում պսակի խորհուրդի անվաւերականութեան դատի ժամանակամիջոցին. ապա փոփոխութեան կ՛ենթարկուին բողոքարկումի եւ զոյգ դատավճիռներու պահանջքի օրէնքները։ Կը շեշտուի դատական գործընթացը, խուսափելով վարչականէն։

Իր այս ինքնագիր նամակներուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը հետեւելով իր նախնիքներուն ուսուցումին որպէս առաջնահերթ մտահոգութիւնը կը դնէ ''հոգիներու փրկութիւնը'' ու այս մտահոգութեան հիման վրայ կը հրաւիրէ եկեղեցին կիրարկելու այդ փոփոխութիւնները որպէսզի ''հաւատացեալներու սիրտը, որոնք երկար ժամանակէ իր վեր կը սպասեն իրենց հարցին հայող վճիռին, չի ծանրաբեռնուի կասկածի մթութեամբ''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա կը յորդորէ ''անվճար'' կատարել գործընթացը, որպէս Եկեղեցւոյ Մայրական արտայայտութիւնը, որուն մէջ կը յայտնուի Քրիստոսի սիրոյ ձրիութիւնը որով ամէնքս կը փրկուինք։








All the contents on this site are copyrighted ©.