2015-09-08 09:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ կը հրաւիրէ հիւրընկալելու գաղթականները։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 8 դեկտեմբեր 2015-ին հրատարակած թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ հրաւէր ուղղեց որպէսզի  Եւրոպայի ամէն մէկ կրօնաւորական հասարակութիւն եւ ժողովրդապետութիւն հիւրընկալէ  մէկ գաղթական ընտանիք մը։

Նորին Սրբութիւնը, անցեալ Կիրակի` 6 սեպտեմբերին Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին սրտաբուխ կոչ ուղղած էր այս ուղղութեամբ մատնանշելով թէ ''Աստուածային Ողորմութիւնը ի յայտ կու գայ մեր գործերուն ընդմէջէն'' եւ թէ ''Աւետարանը մեզի կոչ կ՛ուղղէ ու կը խնդրէ որ ըլլանք ''մօտիկ'', ամենափոքրերուն եւ լքուածներուն''։

Առ այդ – ըսած էր Սրբազան Պապը -  Ողորմութեան Յոբելեանին  առթիւ կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր կրօնական հասարակութիւններուն, վանքերուն եւ եւրոպայի համայն սրբավայրերուն, հիւրընկալելու գաղթական ընտանիք մը, արտայայտելու համար Աւետարանի առարկայականութիւնը  առ ի պատրաստութիւն Ողորմութեան Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն''։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա յայտնած էր թէ ''Այս պիտի կատարեն նաեւ Վատիկանի երկու ժողովրդապետութիւնները''։

Երեքշաբթի 8 սեպտեմբերին հրատարակած թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրեց ''Թող ամէն մէկ ժողովրդապետութիւն եւ Եւրոպայի կրօնաւորական հասարակութիւն հիւրընկալէ մէկ գաղթական ընտանիք մը #Giubileo #refugeeswelcome








All the contents on this site are copyrighted ©.