2015-09-08 08:57:00

Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններու խնդրով Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց։


Ծայրայեղական «Իրաքի եւ Լեւանտի իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ Արեւելքի մէջ իսլամիստական շարժումներու դէմ պայքարին մէջ Թուրքիոյ կողմէ տարուող երկակի խաղը դատապարտող բողոքի ցոյցը մը տեղի կ’ունենայ Փարիզի մէջ Թուրքիայի դեսպանատան առջեւ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը` վկայակոչելով Nouvelles d’Armenie-­ ն, բողոքի ցոյցը տեղի կ’ունենայ այսօր՝ Սեպտեմբեր 7-­ին, Ֆրանսայի ժամանակով 18:30-­ին «Արեւելքի քրիստոնեաները վտանգի մէջ են» խումբի նախաձեռնութեամբ:

Բողոքի ցոյցը նախատեսուած է իրականացնել Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Արեւելքի քրիստոնեաներուն առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներուն նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի նախօրէին, որուն հրաւիրուած է նաեւ Թուրքիան:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդը (CCAF), որուն անդամները եւս պիտի մասնակցին բողոքի ցոյցին եւ ելոյթ պիտի ունենան անոր ժամանակ, նշած են, որ Թուրքիան տեղ չունի նման համաժողովի: «Թուրքիան, որ մեղաւոր է հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան համար եւ կը հրաժարի ճանչնալէ իրականացուածը, մէկ դար անց յանցակիցն է Արեւելքի քրիստոնեաներու, եզիտիներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւններուն: Անոր կեղծ հայրենասիրութիւնը ծայրայեղական շարժումներու դէմ պատերազմին խաբկանք է: Թրքական ռմբակոծութիւնները հիմնականօրէն ուղղուած են քիւրտերու դէմ, որոնք իրականութան մէջ կը պայքարին Իրաքի եւ Սուրիոյ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ: Մենք կը հերքենք եւ կը դատապարտենք Թուրքիոյ երկակի խաղը»,-­ կ՛ըսուի CCAF-ի յայտարարութեան մէջ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ այս տարուան Սեպտեմբեր 8-­ին Փարիզի մէջ պիտի գումարուի միջազգային խորհրդաժողով` նուիրուած Արեւելքի քրիստոնեաներու առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներուն, մասնաւորապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ծաւալող իրադարձութիւններու ծիրէն ներս: խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին աւելի քան 60 երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին ԱՄՆ-էն, Ռուսիայէն, Իրաքէն, Սէուտական Արաբիայէն, Թուրքիայէն, ինչպէս նաեւ շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններէ, մասնաւորապէս ՄԱԿ-էն: Իր ֆրանսացի գործընկեր Լորան Ֆապիուսի հետ խորհրդաժողովը պիտի համանախագահէ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ճուդեհ: Կ՛ակնկալուի, որ խորհրդաժողովի արդիւնքով ընդունուի «Փարիզի ծրագիր»-ը, ուր պիտ ուրուագծուին Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն օժանդակութեան հիմնական ուղիները:








All the contents on this site are copyrighted ©.