Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովէն ետք Լիբանան իր այցելութեան ծիրին մէջ պիտի այցելէ «գաղթականներու ճամբար»:
«Ապաստանելու իրաւունքը Ֆրանսայի մէջ հիմնական սկզբունք մըն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ֆրանսա յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին 24 հազար գաղթական պիտի ընդունի»: «Պէտք է տագնապի շրջաններէ փախուստ տուած գաղթականներու օժանդակութեան պատասխանատուութեան տէր կանգնինք», ըսաւ ան:
«Անհրաժեշտ է հակակշիռի տակ առնել գաղթականներու ճգնաժամը` նկատի ունենալով ատոր վտանգաւորութիւնը», յայտնեց Հոլլանտ` շեշտելով. «Պէտք է օժանդակել Սուրիոյ դրացի երկիրներուն գաղթականներու հոսքը կանխարգիլելու համար»: «Անհրաժեշտ է Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւն ապահովել», ըսաւ ան` նշելով. «Թուրքիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ միլիոնաւոր գաղթականներ գոյութիւն ունին» եւ «գաղթականներուն ու տեղահանուածներուն պատասխանատուութիւնը բոլորին ուսերուն է»:
«Ահաբեկչութիւնը գաղթականներու ճգնաժամին աղբիւրն է, ՏԱՀԵՇ-ը սուրիացի գաղթականներու հոսքին գլխաւոր պատճառն է», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Ահաբեկչական բազմաթիւ ծրագիրներ կանխարգիլեցինք, սակայն վտանգը տակաւին գոյութիւն ունի»:
Ֆրանսայի նախագահը յայտարարեց. «Վաղուընէ (այսօրուընէ, «Ա.») սկսեալ պիտի սկսինք Սուրիոյ վերեւ կատարել թռիչքներ, որոնք մեզի կարելիութիւն պիտի տան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օդային հարուածներ կատարելու»:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով պատասխանելով իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրիին յայտնեց. «Մենք երբեք չենք պահած Դամասկոսին ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար սպառազինութեան տրամադրումը մեր կողմէ»` աւելցնելով. «Տակաւին կանուխ է Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան Ռուսիոյ մասնակցութեան մասին խօսելու»:
Քերրի յայտնած էր, որ իրենք մտահոգ են Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերու տեղակայումով:
All the contents on this site are copyrighted ©. |