2015-09-08 10:30:00

Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնիին այցը Պանկլատէշ, Հնդկաստան եւ Նեփալ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ ֆերնանտօ ֆիլոնի` Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին կառավարիչը հովուական այցելութեամբ կը մեկնի Պանկլատէշ, Հնդկաստան եւ Նեփալ։

Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչը` 9-13 Սեպտեմբեր, կ'այցելէ Պանկլատէշի եկեղեցւոյ բարեսիրական կեդրոնները, հիւանդանոցները ու անկարներու կեդրոնը, ապա հանդիպում կ՛ունենայ կղերի ներկայացուցիչներու հետ իսկ Rajshashi-քաղաքին մէջ պիտի գլխաւորէ համանուն թեմի յոբելեանի ծիսակատարութիւնը ։

14 եւ 15 Սեպտեմբերին Կարդինալը Հնդկաստանի Քալքութա թեմին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ շրջանի եպիսկոպոսներուն ու կղերի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան յատուկ հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ  դպրեվանքերու պատասխանատուներուն հետ իսկ 15 Սեպտեմբերին` առաւօտուն պատարագ պիտի մատուցանէ երանուհի Մայր Թերեզայի գերեզմանին առջեւ։

15-էն 19 սեպտեմբեր Ծիրանաւորը կ՛այցելէ Նեփալը ի նշան զօրակցութեան, ուր անցեալ Ապրիլին, տեղի ունեցաւ ողբերգական երկրաշարժը։ Այցելութիւնը առիթ կը հանդիսանայ նաեւ տեղեկութիւններ ունենալու  բնակչութեան ներկայ իրավիճակի մասին ու հանդիպում ունենալու տեղական կղերին ու հաւատացեալներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.