2015-09-08 09:15:00

''Ընտանիքի'' սիւնհոդոսը Եկեղեցւոյ ուսուցումը պատշաճեցնելու է տեղական եկեղեցիներու իրականութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Եթովպիայի Ատիս-Ապեպա թեմի առաջնորդ կարդինալ Souraphiel-ի գնահատումով  Վատիկանի մէջ, յառաջիկայ հոկտեմբերին գումարուելիք ընտանիքի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը պէտք է ճկուն ու պատրաստակամ ըլլայ ու պէտք է տեղական եպիսկոպոսներուն թոյլատրէ  Եկեղեցւոյ ուսուցումը պատշաճեցնել տեղական մշակութային, քաղաքական ու տնտեսական  իրականութիւններուն։

Կաթողիկէ Եկեղեցին ընդհանրական հաստատութիւն մըն է։ Տեղական եկեղեցիները կը դիմագրաւեն զանազան մարտահրաւէրներ, մէկը միւսէն տարբեր։ Ընտանիքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները հիւսիս եւ հարաւ աշխարհներու մէջ իրարմէ տարբեր են։ Մեզի համար, Եթովպիայի մէջ` մեր մեծագոյն հարցն է աղքատութիւնը։ Երբ զոյգերը ի վիճակի չեն գոհացնել իրենց ընտանիքին կարիքները, հաւանական է որ այրը կամ կինը արտերկիր ճամբորդէ աշխատելու համար։ Հետեւաբար ընտանիքը կը բաժնուի ու զաւակները կը տառապին։ Եկեղեցին առ այդ կանչուած է սատարելու աղքատութեան  նուաճումին։ Բնականաբար տեղական եկեղեցիներու դերը չի կայանար փոխանակելու Յիսուսի ու Եկեղեցւոյ ուսուցումը այլ երաշխաւորել Աւետարանը պատշաճեցնելով զայն տեղական մշակոյթներու որպէսզի Եկեղեցւոյ ուսուցումը արմատ առնէ երկրին կամ ընկերութեան իրական կեանքին մէջ։ Հաւանական է որ սիւնհոդոսի ընթացքին բարոյական հարցերը քննարկուին տեղական եկեղեցիներու ապրումներու ու պահանջներու լոյսով յայտնած է Ատիս-Ապեպա թեմի առաջնորդ կարդինալը։








All the contents on this site are copyrighted ©.