
(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ ֆերնանտօ ֆիլոնի` Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին կառավարիչը հովուական այցելութեամբ կը մեկնի Պանկլատէշ, Հնդկաստան եւ Նեփալ։
Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչը` 9-13 Սեպտեմբեր, կ'այցելէ Պանկլատէշի եկեղեցւոյ բարեսիրական կեդրոնները, հիւանդանոցները ու անկարներու կեդրոնը, ապա հանդիպում կ՛ունենայ կղերի ներկայացուցիչներու հետ իսկ Rajshashi-քաղաքին մէջ պիտի գլխաւորէ համանուն թեմի յոբելեանի ծիսակատարութիւնը ։
14 եւ 15 Սեպտեմբերին Կարդինալը Հնդկաստանի Քալքութա թեմին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ շրջանի եպիսկոպոսներուն ու կղերի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան յատուկ հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ դպրեվանքերու պատասխանատուներուն հետ իսկ 15 Սեպտեմբերին` առաւօտուն պատարագ պիտի մատուցանէ երանուհի Մայր Թերեզայի գերեզմանին առջեւ։
15-էն 19 սեպտեմբեր Ծիրանաւորը կ՛այցելէ Նեփալը ի նշան զօրակցութեան, ուր անցեալ Ապրիլին, տեղի ունեցաւ ողբերգական երկրաշարժը։ Այցելութիւնը առիթ կը հանդիսանայ նաեւ տեղեկութիւններ ունենալու բնակչութեան ներկայ իրավիճակի մասին ու հանդիպում ունենալու տեղական կղերին ու հաւատացեալներուն հետ։
| All the contents on this site are copyrighted ©. |