2015-09-07 09:28:00

‘’Խաղաղութիւնը միշտ կարելի է’’ Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան միջազգային հանդիպումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի  6 սեպտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէին, Ալպանիայի Թիրանա մայրաքաղաքին մէջ, սկիզբ առաւ Սանդ Էճիտիօ  հասարակութեան միջազգային հանդիպումը ‘’խաղաղութիւնը միշտ կարելի է’’ նշանաբանով, որուն ընթացքին ներկայացուեցան այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ու Իտալիոյ նախագահ Սերճօ Մաթարելայի պատգամները։

Բացման արարողութիւնը կատարեցին Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան հիմնադիրը Andrea Riccardi եւ Ալպանիայի նախարարապետը Edi Rama։ Երեք օր տեւող ժողովին կը մասնակցին 400 կրօնապետեր, մեծ կրօններու ներկայացուցիչներ, միսիոնարներ, Եւրոպայի, Ասիայի եւ Ափրիկէի երիտասարդներու պատուիրակները, դարձնելով Թիրանա մայրաքաղաքը երկխօսութեան ու խաղաղութեան վայր։

Հաւաքին նպատակն է կերտել նոր ''ենթակայ'' մը կարող միացնելու բոլոր կրօններու խաղարար ոյժերը հակադարձելու ներկայ բռնութիւններու։

Սանդ Էճիտիօ  հասարակութեան նախագահ` Marco Impagliazzo-ի գնահատումով կրօնը ներկայիս դարձած է անհատական ու ընկերային կեանքի կեդրոն։  

Յայտնենք որ Սանդ Էճիտիօ հասարակութիւնը աւելի քան 30 տարիէ զօրակից եղած է Ալպանիայի։ Արծիւներու այս երկիրը որ համայնավարութեան տարիներուն պաշտօնապէս աստուածամերժ  էր, համայնավարութեան փլուզումով բաց դարձած է կրօնական հաւատքի ու դարձած խաղաղ համակեցութեան տիպար։ Մեծ յանձնառումով կ՛աշխատի բարգաւաճիլ ու հարթել ընկերային անհաւասարութիւնները։  Թիրանայի հանդիպումը պիտի եզրափակուի երեքշաբթի  յետմիջօրէին աղօթքով մը նուիրուած աշխարհի խաղաղութեան, ապա բոլոր մասնակցողներուն պիտի բաշխուի 2015-ի խաղաղութեան  կոչը։








All the contents on this site are copyrighted ©.