2015-09-07 12:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Սանթ Էճիտիօ Հասարակութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) 29 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած է Սանթ Էճիտիոյի հասարակութեան, որ իր միջազգային հանդիպումը կազմակերպած է Ալպանիա, Թիրանա քաղաքին մէջ՝ իր նպաստը բերելու խաղաղութեան։

Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը կը յայտնէ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը Սանթ Էճիտիոյի հասարակութեան հանդիպման մասնակիցներուն։

''Այսպիսի հանդիպումներ կ’ընթանան Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի հետքերուն վրայ, որ 1986ի հոկտեմբերին, Ասսիզի քաղաքին մէջ կատարած էր պատմական հանդիպումը։ Այս դէպքը ծնունդ տուած է ուխտագնացութեան մը, որուն մասնակցած են զանազան կրօնքներէ եկած այր մարդիկ եւ կիներ, ուղղուելով աշխարհի զանազան քաղաքները, մասնակցելու համար այս հանդիպումներուն'' գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով թէ ''Այս տարուան հանդիպումը կը կատարուի երկրի մը մէջ, որ խորհրդանիշ է կրօններու միջեւ խաղաղ համակեցութեան՝ տառապանքի երկար ճանապարհ մը կտրելէ վերջ։

Եւրոպայի երկիրներէն՝ Ալպանիան է որ ընտրեցի իմ առաջին այցելութեանս համար – գրած է ապա Քահանայապետը – պարզապէս քաջալերելու համար խաղաղ համակեցութեան այն ճանապարհը, որ Ալպանիայի հաւատացեալները կտրեցին՝ ենթարկուելով ողբերգական հալածանքներու։ Մարտիրոսներու երկար շարքը տակաւին կը խօսի այդ խաւար ժամանակներու մասին։ Սակայն կը խօսի նաեւ հաւատքի զօրութեան մասին, որ չ’ընկրկիր չարին բռնութեան տակ։ Աշխարհի այլ որեւէ երկրի մէջ՝ Աստուած ժողովուրդի կեանքէ հեռացնելու որոշումը, այնքան ուժեղ չէ եղած, ինչքան Ալպանիայի մէջ։ Կրօնական պարզ նշան մ’իսկ բաւարար էր դատապարտուելու բանտի եթէ ոչ մահուան։ Այսպիսի յոյժ տխուր գերակայութիւն մը, ալպանացի ժողովուրդին վրայ ձգած է խոր դրոշմ, մինչեւ ազատութեան վերագտնումը, երբ զանազան կրօնքներու պատկանող մարդիկ, փորձուած իրենց կրած հասարակաց տառապանքին մէջ, վերստին սկսան միասին ապրիլ խաղաղութեամբ։

Ասոր համար, ձեզի շնորհակալ եմ, որ ընտրած էք Ալպանիան։ Կ’ուզեմ այսօր շեշտել ձեր հետ միասին, այն ինչ որ անցեալ տարի Թիրանայի մէջ կը հաստատէի՝ “զանազան կրօնքներու պատկանող անհատներու եւ հասարակութիւններու միջեւ խաղաղ եւ պտղաբեր համակեցութիւնը, ոչ միայն յուսալի է, այլ նաեւ շօշափելիօրէն կարելի եւ կիրառելի”։ Կրօնական հասարակութիւններու միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը, անգնահատելի բարիք մըն է ժողովուրդներու ներդաշնակ զարգացման համար։ Արժէք մըն է, որ պէտք է ամէն օր պահպանուի եւ աճի, զանազանութիւններու եւ ինքնուրոյն ինքնութիւններու հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքի դաստիարակութեամբ, բաց՝ երկխօսութեան, եւ բոլորի բարիքին նպաստող համագործակցութեամբ, հրահանգելով ուրիշներու ճանաչումը եւ գնահատանքը։ Պարգեւ մըն է, որ միշտ Տիրոջմէ պէտք է խնդրուի՝ աղօթքով։ Այս է Ասսիզիի հոգին՝ միասին ապրիլ խաղաղութեան մէջ՝ յիշելով, որ խաղաղութիւնը եւ համակեցութիւնը ունին կրօնական հիմք։ Աղօթքը միշտ խաղաղութեան արմատին կից է։

“Խաղաղութիւնը միշտ կարելի է”, որովհետեւ անոր հիմը Աստուծոյ մէջ է։ Հարկաւոր է, յատկապէս այսօր, հաւաստել այս ճշմարտութիւնը, մինչ աշխարհի կարգ մը երկիրներու մէջ կը գերակշռեն բռնութիւններ, հալածանքներ եւ կրօնական ազատութեան կաշկանդումներ։ Երբեք պէտք չէ անձնատուր ըլլանք պատերազմի։ Նոյնպէս չենք կրնար անտարբեր մնալ անոնց հանդէպ, որոնք կը տառապին պատերազմի եւ բռնութեան տակ։ Ասոր համար յառաջիկայ “Խաղաղութեան Միջազգային Օրուան” համար ընտրած եմ բնաբանս՝ “Յաղթէ անտարբերութեան, եւ շահէ խաղաղութիւնը”։

Նոյնպէս բռնութիւն է՝ եթէ կը կառուցենք պատնէշներ եւ խոչընդոտներ՝ հեռու պահելու համար այն անհատները, որ խաղաղ տեղ մը կը փնտռեն։ Բռնութիւն է՝ ետ մղել անոնք, որոնք փախուստ կու տան անմարդկային պայմաններէ՝ լաւագոյն ապագայի մը յոյսով։ Բռնութիւն է՝ ընկերութենէն եւ ինքնին կեանքէն հեռու շպրտել մանուկներ եւ ծերեր։ Բռնութիւն է աճեցնել խրամատը անոնց միջեւ, որոնք կը վատնեն աւելորդը, եւ անոնց, որոնց կը պակսի անհրաժեշտն իսկ։

Վերջապէս, Սրբազան Պապը յիշեցուց, որ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ՝ խաղաղութիւնը միշտ կարելի է։ Հարկաւոր է սակայն, մեր անհատական եւ հասարակութեան մասնակցութիւնը՝ խաղաղութեան մեծ աշխատանքին։ Թող Ալպանիայէն, Մարտիրոսներու երկրէն, սկիզբ առնէ խաղաղութեան նոր մարգարէութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.