2015-09-07 13:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապ՝ “Հայ ժողովուրդը հալածուեցաւ, որովհետեւ քրիստոնեայ է”


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 7 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ եւ ներկաներուն տուաւ օրուան պատգամը։

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին` Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները գլխաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի-ի։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Պապը անդրադարձաւ Սուրբ Աւետարանի ընթերցումին, ուր կը պատմուի Յիսուսի մէկ հրաշքի մասին (Ղուկ Զ. 6-11)։ Այս դրուագին մէջ կը կարդանք դպիրներու եւ փարիսեցիներու ընդվզումին մասին, որովհետեւ Յիսուս շաբաթ օրով կատարած էր հրաշքը։ Անոնք կը խորհրդակցին, թէ ինչպէս սպանեն Յիսուսը։

Այսօր ալ, յիշեցուց Սրբազան Պապը, աւելի քան սկզբնական շրջանին, քրիստոնեաներ կը հալածուին, կը սպաննուին, կը տեղահանուին եւ զրկանքի կ՛ենթարկուին։ Չկայ քրիստոնէութիւն՝ առանց հալածանքի։ Յիշեցէք Աւետարանի Երանելիներուն վերջինը՝ “Երանի ձեզի, երբ ձեզ նախատեն եւ հալածեն, եւ իմ պատճառովս ձեր մասին ամէն տեսակ սուտ եւ չարախօսութիւն ընեն”։ (Մտթ Ե. 11)

Այսօր, ի տես այս հալածանքներուն, որոնք կը կատարուին աշխարհի վրայ, շատ մը իշխանութիւններ իրենց լռութեամբ մեղսակից են կատարուածին՝ մինչ կարող էին դադրեցնել զայն։ Այս է մեր քրիստոնէական ճակատագիրը՝ քալել Յիսուսի ճանապարհէն։

Սրբազան Պապը յատկապէս յիշեց հայ ժողովուրդի հալածանքները։ Ան ըսաւ՝ հայերը առաջին ժողովուրդն են, որ ընդունեցան քրիստոնէութիւնը։ Անոնք հալածուեցան, պարզապէս իրենց քրիստոնեայ ըլլալուն համար։ Այսօր, լրագիրներուն մէջ կը կարդանք այն արհաւիրքներուն մասին որոնք որոշ ահաբեկչական խմբակցութիւններ կը պատճառեն, որոնք մարդիկ կը կոտորեն՝ պարզապէս անոնց քրիստոնեայ ըլլալուն համար։ Յիշենք եգիպտոսի մարտիրոսները, որոնք Լիպիայի ծովափին վրայ խողխողուեցան, մինչ Յիսուսի անունը կը կանչէին։

Ապա, շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապ՝ “Հայ ժողովուրդն ալ, հալածուած է, տեղահանուած է իր հայրենիքէն, առանց օգնութեան քշուած անապատ։ Այս հալածանքը սկսած է արդէն Յիսուսի դէմ. այն ինչ որ ըրած են Յիսուսի, պատմութեան մէջ նոյնը ըրած են Յիսուսի Մարմնին՝ Եկեղեցւոյ։

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքն ուղղելով Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոսին, համապատարագող հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն եւ հայ քահանաներուն ու հաւատացեալներուն ըսաւ՝ կ’ուզեմ ձեզ գրկել եւ յիշել այն հալածանքը, որ դուք կրած էք, յիշել ձեր սուրբերը, այն բազմաթիւ սուրբերը, որոնք անապատին մէջ մահացած են սովէ, ցուրտէ եւ խոշտանգումներէ. պարզապէս որովհետեւ քրիստոնեայ էին”։ Ան ապա խօսքը եզրափակեց հայցելով Տիրոջմէ որ մեզի եւս պարգեւէ Քրիստոսը վկայելու քաջութեան շնորհքը որ ընդունեցան նահատակները ու յատկապէս հայ ազգի նահատակները։








All the contents on this site are copyrighted ©.