2015-09-07 10:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Եկեղեցական հաղորդութիւն շնորհեց Գրիգոր Պետրոս Ի -ին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 7 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց նոր Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոսը, շնորհելով անոր Եկեղեցական Հաղորդութիւն։

Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի., Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի՝ Նախագահ Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին, Արքեպիսկոպոս Քիրիլ Վասիլ՝ Քարտուղար սոյն Ժողովին, Հայր Լորենցօ Լորուսսօ՝  ենթաքարտուղար, եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները համապատարագեցին Սրբազան Պապին Հետ։

Սուրբ Պետրոսի յաջորդներուն հետ Հաղորդութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ, եւ յատկապէս Արեւելեան Եկեղեցիներու մէջ, միշտ վայելած է յատուկ պատիւ։ Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագիրքը, վաւերացուած 1990ին, այս Հաղորդութեան մասին կը խօսի թիւ 76, 77 եւ 92 կանոններուն մէջ։

Անցեալ 25 յուլիս 2015-ին Ֆրանչիսկոս Պապին նորընտիր Պատրիարքին շնորհած եկեղեցական հաղորդութիւնը այժմ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ սուրբ հաղորդութեան փոխանցումի միջոցաւ որ կը հաստատէ հաղորդութիւնը` Հռոմի Եկեղեցւոյ ու անոր Եպիսկոպոսի եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ միջեւ։

Վերոնշեալ հանդիպումի մասին, ռատիվատիկանի հայկական բաժնի հետ զրոյց ունեցաւ Արհ. Ռաֆայէլ Արք Մինասեանը








All the contents on this site are copyrighted ©.