2015-09-07 12:58:00

Փորթուկալի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 7 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Փորթուկալի Եպիսկոպոսները, որոնք Հռոմ կը գտնուէին հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։

Անոնց յանձնած գրաւոր իր ճառին մէջ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց այցելութեան համար, եւ հրաւիրեց զանոնք, որ շարունակեն միասնաբար աւետարանել փրկութեան ճանապարհը՝ Յիսուս Քրիստոս։ Ան գնահատեց Փորթուկալի թեմերուն մէջ տարուած հովուական աշխատանքը, որ կը ներգրաւէ շատեր՝ աւետարանումի եւ մարդոց սրբացումին ի նպաստ։ Դրուատիքով խօսեցաւ անոնց ժողովուրդին մասին, որոնք հիւրընկալ, առատաձեռն եւ հաւատացեալ են, խաղաղասէր եւ արդար։ Գնահատեց քահանաներու աշխատանքը, որոնք նուիրուած են հոգեւոր եւ մշակութային առաքելութեան, ըլլալով վկաներ Սուրբ Աւետարանի՝ հիմնուած աղօթքի եւ սիրոյ վրայ։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ ապա մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Փորթուկալի տարածքին աւետարանման, խորհուրդներու մատակարարման, եւ քրիստոնէական առօրեայ մարտահրաւէրներու եւ նուաճումներու՝ շեշտելով հաւատացեալներու շնորհապարգեւները։








All the contents on this site are copyrighted ©.