2015-09-07 13:58:00

Պրազիլ ‘’Բացառեալներու աղաղակ’’ կազմակերպութեան 21-րդ ցոյցը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ամէն տարի` 7 Սեպտեմբերին զուգահեռ Պրազիլի անկախութեան տօնին կը կազմակերպուի ‘’ Բացառեալներու աղաղակ’’ կազմակերպութեան  ցոյցը։

2015-ի 21-րդ ցոյցի բնաբանն է. ''Ի՞նչպիսի երկիր մըն է սա, որ կը սպանէ իր մարդիկը ու անոր ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները կը ստեն ու կը շարունակեն լքուածները անտեսել’’։

Յայտնենք որ ‘’ Բացառեալներու աղաղակ’’ կազմակերպութիւնը կը վայելէ նեցուկը Պրազիլեան եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընկերային հովուութեան, Պրազիլի քրիստոնեայ եկեղեցիներու խորհուրդին, ինչպէս նաեւ ‘’հաւասարութիւն ու արդարութիւն'' պահանջող մարդկայնական կազմակերպութիւններու ու շարժումներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.