2015-09-07 13:41:00

Ատրպէյճան սկսած է Հայաստանի հետ բաժնող պատի շինարարութեան աշխատանքները։


Ատրպէյճանի մէջ սկսած են Հայաստանի հետ բաժնող պատի շինարարութեան աշխատանքները: ԱՓԱ-ի լրատուականի փոխանցմամբ` շինարարութիւնը կ՛իրականացնէ Arpa ընկերութիւնը:

Հաճալի գիւղի տարածքին բաժնող պատի 500 մեթրը արդէն կառուցած են: Ալիպէյլիի տարածքին կառուցուած է 700-800 մեթր: Նման պատ մը կառուցուած է նաեւ Թովուզի մարզի Աղտամ գիւղին մէջ: Պատի բարձրութիւնը 4 մեթր է, իսկ լայնութիւնը` 80 սմ.:

Նոյնաձեւ պաշտպանիչ կառոյցներ կան նաեւ հայկական կողի վրայ` բնակավայրերու ճանապարհներուն երկայնքով:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.