2015-09-06 13:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ''մօտիկութիւն ցուցաբերել գաղթականներուն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 6 սեպտեմբեր 2015-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց ի տես գաղթականութեան դաժան երեւոյթին որուն մէջ ըսաւ.

''Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, Աստուածային Ողորմութիւնը ի յայտ կու գայ մեր գործերուն ընդմէջէն, այնպէս ինչպէս վկայեց Երանելի Քալքութայի Մայր Թերեզան որուն մահուան յիշատակը յիշատակեցինք երէկ։ Ի տես տասնեակ հազարաւոր գաղթականներու ողբերգութեան որոնք պատերազմի եւ սովի պատճառաւ կը փախչին մահէն եւ կ՛ուղղուին դէպի կեանքի յոյս, Աւետարանը մեզի կոչ կ՛ուղղէ ու կը խնդրէ որ ըլլանք ''մօտիկ'', ամենափոքրերուն եւ լքուածներուն։ Անոնց տալու իսկական յոյս։ Ոչ միայն  ''քաջութիւն, համբերութիւն...'' ըսելով - յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով թէ ''Քրիստոնէական յոյսը մարտնչող է, դէպի անվտանգ վայր ուղղուող անձի հաստատակամութեամբ''։

Առ այդ Ողորմութեան Յոբելեանին  առթիւ կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր կրօնական հասարակութիւններուն, վանքերուն եւ եւրոպայի համայն սրբավայրերուն,հիւրընկալելու գաղթական ընտանիքներ, արտայայտելու համար Աւետարանի առարկայականութիւնը  առ ի պատրաստութիւն Ողորմութեան Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն։

''Ամէն մէկ ժողովրդապետութիւն, ամէն մէկ կրօնական հասարակութիւն եւ եւրոպայի ամէն մէկ սրբավայր թող մէկ ընտանիք մը հիւրընկալէ, սկսեալ Հռոմի իմ թեմէս'' ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապը եւ խօսքը ուղղեց Եւրոպայի եղբայրակից իր եպիսկոպոսներուն, իսկական հովիւներ, որպէսզի իրենց թեմերէն ներս եւս իրագործեն այդ կոչը, վերյիշելով թէ ''Ողորմութիւնը'' սիրոյ երկրորդ անունն է ''Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի ամէն անգամ որ նմամն բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն` որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք'' (Մատթ 25,40)։ Այս պիտի կատարեն նաեւ Վատիկանի երկու ժողովրդապետութիւնները­, յայտնեց Սրբազան Պապը իր կոչին աւարտին հուսկ սպաներէն լեզուով արտայայտուելով այլ կոչ մը ուղղեց Վենեզուելլայի եւ Քոլոմպիայի միջեւ տիրող անկայուն վիճակին ի տես, հրաւիրելով երկու կողմերը ու յատկապէս Քոլոմպիայի եւ Վենեզուելլայի սիրեցեալ ժողովուրդը, եղբայրութեան եւ զօրակցութեան հոգիով յաղթահարելու  ներկայ անել կացութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յիշեց Սպանիայի  Կերոնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած երեք կրօնաւորուհիներու երանացան արարողութիւնը ինչպէս նաեւ Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցած Ափրիկեան Խաղերու 11-րդ հանգրուանը, ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ու հրաժեշտ առաւ մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրենց համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.