2015-09-05 12:23:00

Երանացում երեք նահատակ կրօնաւորուհիներու։


(Ռատիօ Վատիկան) Եկեղեցին կ՛օժտուի երեք նոր երանելիներով։ Երեք սպանացի կրօնաւորուհիները, որոնք անդամ եղած են Կերոնայի Սուրբ Յովսէփ հաստատութեան, ատելութեամբ սպաննուած են 1936ի սպանական քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ։ Երանացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ 5 սեպտեմբերին, Կերոնա քաղաքին մէջ (Քաթալոնիայի նահանգ), Սուրբերու Դատի Ժողովին նախագահ, Կարդինալ Անճելօ Ամաթոյի նախագահութեամբ, ներկայացուցիչ Սրբազան Պապին։

Քոյր Ֆիտելա Օլլեր, Քոյր Եոզեֆա Մոնրապալ Մանթաներ եւ Քոյր Ֆաքունտա Մարկենաթ գործած են իբր բուժքոյր Կերոնայի Սուրբ Յովսէփ հաստատութեան մէջ, հիմնուած 1870ին երանելի Մարիա Կայ Թիպոյի կողմէ։ Անոնք իրենց կեանքը նուիրած էին հիւանդներու ծառայութեան։ 1936ի Սպանական քաղաքացիական պատերազմին անոնք սպաննուած են առաւել քան տասհազար այլ կաթողիկէներու, եւ այլ վեցհազար եպիսկոպոսներու, քահանաներու եւ կրօնաւորներու հետ։ Այդ շրջանին Սպանիոյ եկեղեցիներուն 70 տոկոսէն աւելին քանդուած են։

Նահատակ երեք կրօնաւորուհիները մահը դիմագրաւած են՝ ներելով իրենց դահիճներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.