2015-09-04 12:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 4 սեպտեմբերի Պատարագի քարոզը՝“սերմանենք խաղաղութիւն,ո´չ թէ կռիւ”


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 4 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ, Տոմուս Սանթա Մարթայի առաւօտեան իր քարոզին մէջ յորդորեց որ խաղաղութիւն սերմանենք եւ ո´չ կռիւ։ Մենք մեզի ամէն օր պէտք է հարց տանք՝ թէ ես այսօր ի՞նչ սերմանեցի իմ խօսքերովս։ Դրախտի մէջ, օձը Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ խաղաղութիւնը խաթարեց, իր չար լեզուով։ Քրիստոնեան պէտք է զգուշանայ նոյնը կատարելէ։

Եթէ անձ մը, իր կեանքին մէջ ուրիշ բան չէ ըրած բացի՝ միայն հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն բերելէ, սուրբ անձ մըն է, կարելի է զայն սրբադասել, ըսաւ Սրբազան Պապը։ Իբր քրիստոնեաներ­՝ պէտք է աճինք, դարձի գանք։ Երբեք չարտաբերենք խօսքեր, որոնք բաժանում յառաջ կը բերեն, որոնք պատերազմ կը յառաջացնեն։

Ֆրանչիսկոս Պապ փակեց իր խօսքերը աղօթելով՝ “Տէր, Դուն կեանքդ զոհեցիր. տու´ր ինծի շնորհքը խաղաղարար ըլլալու, հաշտութիւն բերելու”։








All the contents on this site are copyrighted ©.