2015-09-04 11:52:00

Հունգարիոյ եպիսկոպոսաց դասի հաղորդագրութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Հունգարիոյ մէջ անթիւ գաղթականներու հոսանքին ի տես, երկրի Եպիսկոպոսաց դասը Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերին հրատարակած հաղորդագրութեամբ մը, հրաւէր ուղղած է Կաթողիկէ բոլոր բարեսիրական հաստատութիւններուն՝ օգնութեան հասնելու երկրին մէջ ներթափանցած բազմահազար պանդուխտներուն, ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապի խնդրանքին՝ գտնել որեւէ տեսակի արդիւնաբեր միջոցներ, խնամելու եւ հոգալու անտէր, անտուն գաղթականները՝ համագործակցութեամբ տեղական պետական հաստատութիւններուն։ Հունգարիոյ եպիսկոպոսաց դասի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ անոնք, մեծ պատասխանատուութիւն կը զգան երկրի մէջ տիրող կացութեան հանդէպ, եւ անոր ծանր կշիռքը։ Եպիսկոպոսները մտահոգ են Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ճակատագրով, յայտնելով թէ պետութիւններու պարտականութիւնն է ապահովել իրենց ժողովուրդներուն անվտանգութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.