2015-09-04 12:53:00

Աթէնքի մէջ իսլամական-քրիստոնէական երկխօսութեան հանդիպում


Աթէնքի մէջ տեղի ունեցող իսլամական-քրիստոնէական երկխօսութեան հանդիպումին շրջագիծին մէջ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց, որ Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներու հոգեւոր պետերը ոչ ոքի պիտի արտօնեն զիրենք իրարմէ բաժնել, ինչպէս նաեւ համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներուն դէմ պիտի պայքարին:

«Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքները կառչած կը մնան ազգային միասնականութեան եւ նախանձախնդիր են համերաշխութեան ու ազգային համակեցութեան», ընդգծեց միւֆթի Տըրիան:

Ան կոչ ուղղեց, որ ամբողջ Արեւելքի մէջ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը իրագործուի` ի մտի ունենալով, որ Արեւելքի քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն ազգային սկզբունքներուն համաձայն անոնք մէկ ընկերութիւն կը կազմեն եւ կ՛ենթարկուին այնպիսի արշաւի մը, որ թիրախ կը դարձնէ անոնց միացեալ արժէքները, ընկերութիւնները, երկիրները եւ գրեթէ ամէն բան: «Իսկ ամէնէն ցաւալին այն է, որ այդ բոլոր վայրագութիւնները կը գործուին կրօնի անունով, իսկ կրօնը ոչ մէկ յանցանք ունի այդ բոլորին մէջ», աւելցուց Տըրիան:

Հանրապետութեան միւֆթին ընդգծեց, որ արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ իսլամութեան անունով քրիստոնեաներու դէմ գործուած ոճիրները իսլամութեան դէմ ոճիրներ են եւ անոնք խորթ են իսլամական մշակոյթէն, արժէքներէն եւ սկզբունքներէն: «Իսլամութիւնը հիմնուած է սիրոյ, ողորմութեան եւ հանդուրժողականութեան հիման վրայ: Իսկ քանդիչ այս ոճիրներուն դէմ պայքարելու համար պէտք է իսլամ եւ քրիստոնեայ փոխադարձ վստահութիւնը ամրապնդել: Հետեւաբար, իբրեւ քրիստոնեաներ եւ իսլամներ կա՛մ միասին կը գոյատեւենք Արեւելքի մէջ եւ կա՛մ չենք գոյատեւեր», ըսաւ Տըրիան:








All the contents on this site are copyrighted ©.