2015-09-04 10:54:00

՝՝Գաղթականներուն օժանդակելը Քրիստոնեաներուն պարտականութիւնն է՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 3 սեպտեմբերին, Զուիցերիոյ եպիսկոպոսաց դասը, իրենց տարեկան ընդհանուր ժողովի աւարտին, հրապարակած են հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնած են թէ գաղթականներու օժանդակութիւնը Քրիստոնեաներուն պարտականնութիւնն է։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ՝ թէ հազարաւոր գաղթականներու մուտքը դէպի Եւորպա՝ պատճառ կը դառնայ ողբերգական դէպքերուն, ինչպէս նեաւ գաղթավայրերու մէջ հազարաւորներու բնակութեան պատճառաւ՝ անոնք կ՝ապրին առողջապահական վատ պայմաններու մէջ, եւ անոնցմէ շատերը կը մահանան։

 Զուիցերիոյ եպիսկոպսները ապա կոչ ուղղած են ըսելով՝ Աւետարանի հոգիով պէտք է օժանդակել եւ զօրակցիլ աղքատներուն եւ տառապողներուն։ Գաղթականներուն թիւի աճը կը պահանջէ՝  բոլոր մակարդակներու վրայ դեռ աւելիով օգնութեան հասնիլ։ Կաթողիկէ եկեղեցին կը շարունակէ բազմապատկել իր գործունէութիւնները գաղթականներու եւ պանդուխտներու նկատմամբ, գնահատելով տեղական Քարիթասի աշխատանքները այս ուղղութեամբ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.