2015-09-04 10:46:00

Քանատայի Եպիսկոպոսներու Ընդհանուր Համագումարը


(Ռատիօ Վատիկան) Քանատայի Եպիսկոպոսներու յաջորդ ընդհանուր համագումարը տեղի պիտի ունենայ 14-18 սեպտեմբերին, Օնթարիոյի մէջ։ Գերապայծառ Փոլ-Անտրէ Տիւրոշէ, Արքեպիսկոպոս Կաթինոյի, պիտի նախագահէ համագումարին, որ կը զուգադիպի իր պաշտօնավարութեան աւարտին։

Օրակարգի վրայ են Քանատայի Եկեղեցւոյ կեանքին վերաբերող բազմաթիւ կարեւոր նիւթեր, ինչպէս նաեւ անոր յարաբերութիւնը Տիեզերական եկեղեցւոյ մարտահրաւէրներուն հետ։

Եպիսկոպոսներու համագումարի առաջնահերթ նիւթը ընտանիքն է՝ նկատի ունենալով Ֆիլատելֆիայի մէջ կայանալիք միջազգային հաւաքին, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ինչպէս նաեւ Եպիսկոպոսական Ընդհանուր ժողովին, որ կը գումարուի Վատիկանի մէջ, տարւոյս հոկտեմբեր ամսոյն։

Համագումարի քննարկելիք կարեւոր այլ նիւթ մըն է՝ օժանդակեալ անձնասպանութեան վիճելի օրէնքը, հեշտամահը, որ կը քննարկուի Օթթավայի Խորհրդարանին մէջ։ Այս հարցով Եպիսկոպոսները խոր մտահոգութիւն յայտնած են, նկատի առնելով հարցի բարոյական եւ ընկերային հետեւանքները, եւ անոր ազդեցութիւնը՝ յատկապէս ընկերութեան ամենէն խոցելի անհատներուն եւ առողջապահութեան մարզէն ներս գործողներուն վրայ, որոնք կրնան իրենց խղճի հակառակ գործելու ստիպումին տակ գտնուիլ։

Եպիսկոպոսական ժողովի քննարկումին տակ պիտի դրուի նաեւ «Քանատայի Ճշմարտութիւն եւ Հաշտութիւն Յանձնաժողովի» եզրափակիչ տեղեկագրութիւնը, որ հրապարակուած է յունիսին՝ 19րդ եւ 20րդ դարերու շրջանին, հազարաւոր գիշերօթիկ ամերիկայի բնիկ ժողովուրդի պատկանող երեխաներու կրած տառապանքի շուրջ։ Այս դպրոցներու մեծամասնութիւնը կը կառավարուէր կաթողիկէ մարմիններու կողմէ, որոնք այսօր կը ծառայեն հաշտութեան՝ զօրակցութեան բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով եւ ամերիկայի հնդիկներու ի նպաստ, որոնք տակաւ այսօր մէկուսացուած են ընկերութեան կողմէ։

Եպիսկոպոսական Համագումարի ընթացքին ծրագրուած է նաեւ Սուրբ Պատարագ մը, Վատիկանեան Բ. Ժողովի «Nostra Aetate» («Մեր Ժամանակի մէջ») Յայտարարութեան 50րդ տարեդարձին առիթով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.