

(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիա հասնող գաղթականներուն համար, Միլանոյի թեմը տրամադրած է զանազան կառոյցներ եւ անհատական բնակարաններ։ Միլանոյի Թեմի արքեպիսկոպոս Կադինալ Սքոլա խնդրած է ժողովրդապետներէն՝ իրենց ժողովրդապետութիւններէն ներս հիւրընկալել գաղթականները, որոնց հոգատարութիւնը յանձնուած է Ամպրոզիան Քարիթասի կազմակերպութեան։
Նշենք, թէ մինչեւ այժմ, Միլանօ Թեմի եկեղեցական տարածքին վրայ կը հաշուեն 28 գաղթականներու կեդրոնատեղիներ, որոնք մատակարարուած են Ամպրոզիան քարիթասի կողմէ։
| All the contents on this site are copyrighted ©. |