2015-09-03 14:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Շէօնշթաթի հասարակութեան քահանաներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Շէօնշթաթի հասարակութեան պատկանող 50 քահանաներու, որոնք Հռոմի մէջ կը մասնակցին իրենց հասարակութեան Ընդհանուր Ժողովին։

“Ականջը՝ Աստուծոյ սրտին, եւ ձեռքը՝ ժամանակի բազկերակին”։ Սրբազան Պապը մէջբերելով Հայր Եոզեֆ Քենթենիխի, Շէօնշթաթի հասարակութեան հիմնադրի այս խօսքը, անդրադարձաւ “իսկական հոգեւոր կեանքի երկու սիւներուն”՝ “մտերմութիւն Աստուծոյ հետ”, որ առաջնահերթ է, եւ քահանայական “ծառայութիւն”, որ քահանայական կեանքի գերիշխող նկարագիրն է։ Շեշտելով յիշեալ հասարակութեան քահանաներու առաքելութեան այս երկու կարեւոր կէտերը, Սրբազան Հայրը աւելցուց նաեւ “եղբայրական” կեանքի անհրաժեշտութիւնը։

Իր պատգամը եզրափակելով, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ՝ “մեր հանդիպման աւարտին, թոյլ տուէք որ ձեզի վստահիմ երեք բաներ։ Առաջին՝ օգնեցէք ընտանիքներուն եւ հոգ տարէք անոնց, որպէսզի անոնք ապրին սիրոյ եւ կեանքի սուրբ միութիւն մը. երկրորդ՝ նկատի առնելով Ողորմութեան Յոբելինական տարին, շատ ժամանակ յատկացուցէք Խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարումին. երրորդ՝ աղօթեցէք ինծի համար, որովհետեւ կարիքն ունիմ աղօթքի”։








All the contents on this site are copyrighted ©.