2015-09-03 11:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 3 սեպտեմբերի քարոզը


Խոնարհութիւնը եւ հիացմունքը կը բանան մեր սիրտը՝ հանդիպելու Յիսուսի հետ

(Ռատիօ Վատիկան) Մենք զմեզ իբր մեղաւոր ճանչնալու կարողականութիւնը մեզ կը բանայ Յիսուսի հանդիպելու հիացմունքին։ Այս խօսքերով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, սեպտեմբերի 3ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած իր պատարագի քարոզին մէջ շեշտեց օրուան պատգամին վրայ։

Նոր Կտակարանի ընթերցումը, որ կը խօսի հրաշալի ձկնորսութեան մասին, կը ներկայացնէ առաքեալներու հիացմունքը։ Նաեւ ժողովուրդը տեսնելով Յիսուսի գործած հրաշքները եւ լսելով Անոր քարոզները՝ հիացմունքով կը կրկնէր “Այս մարդը հեղինակութեամբ կը խօսի. ոչ մէկ անհատ երբեք այսպէս խօսած է”։

Սրբազան Պապը մէջբերելով Սուրբ Աւետարաններու այս խօսքերը աւելցուց, թէ երբ մենք ալ մեր անձը աւելի լաւ ճանչնանք եւ ապա կարողութիւնը ունենանք ընդունելու եւ արտայայտուելու թէ մեղաւոր ենք՝ այն ժամանակ հիացմունքով պիտի մօտենանք Յիսուսի, ինչպէս էր առաքեալներու պարագան։








All the contents on this site are copyrighted ©.