(Ռատիօ Վատիկան) 73-ամեայ Արքեպիսկոպոս Փիերօ Մարինի, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետի արարողապետը եղած է, Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ անուանուած է նախագահ Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի ծիսական յատուկ յանձնաժողովին։ Արքեպիսկոպոս Մարինի արդէն կը ծառայէր Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին՝ իբր աշխատակից անդամ։ 2007 թուականէն ի վեր ան գործած է Միջազգային Սուրբ Հաղորդութան Համագումարի Քահանայապետական Յանձնաժողովի նախագահի հանգամանքով։
All the contents on this site are copyrighted ©. |