

(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուսեան կրօնաւոր, Հայր Տէյվիտ Նազար, ծնած 1952ին, անուանուած է տնօրէն Քահանայապետական Արեւելագիտական Համալսարանի։ Հայր Նազար, որ բիւզանդածէս քահանայ է, ունի ուքրանական ծագում եւ քանատական հպատակութիւն։ Ան, բացի իր ուսումնական կեանքէն, գործած է նաեւ հովուական եւ ընկերային մարզերէ ներս։
Քահանայապետական Արեւելագիտական Համալսարանը իր ծրագրին մէջ ունի նաեւ հայերէն լեզուի եւ հայ եկեղեցւոյ ծիսագիտութեան, կանոնագիտութեան եւ հայրաբանութեան դասընթացքներ։
| All the contents on this site are copyrighted ©. |