2015-09-02 12:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապի կոչը խաղաղութեան Իշխանին. “ո´չ երբեք պատերազմ”


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբերին, Ֆրանիչսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, կոչ մը ուղղեց, որուն մէջ վերյիշելով համաշխարհային երկրորդ պատերազմը, որ վերջ գտած էր Ճափոնի մէջ 2 սեպտեմբեր 1945ին կնքուած դաշիքնով, յարեց ՝՝այս օրերուն, Հեռաւոր Արեւելքի մէջ կը յիշատակուի համաշխարհային երկրորդ պատերազմի աւարտը։ Այս առիթով կը վերանորոգեմ իմ աղօթքս Աստուծոյ, որպէսզի Տիրամօր բարեխօսութեամբ, աշխարհը դարձեալ չ՝ապրի նմանօրինակ ահաւոր եւ ողբերգական պահեր։

՝՝Ոչ պատերազմի բաղձանքը՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը ՝՝ժողովուրդներու յարատեւ իղձն է, յատկապէ անոնց որոնք կը զոհուին արիւնահեղ բախումներու ընթացքին։

Փոքրամասնութիւններ եւ քրիստոնեաներ հալածուած են, կործանելու խելագարութիւնը կը տիրէ, զինամթերքի, արեան մէջ թաթխուած զէնքերու, արդարներու արեան մէջ մխրճուած զէնքերու արտադրութիւնն ու վաճառքը կը ծաղկի։

՝՝Ոչ երբեք պատերազմ” այս է Խաղաղութեան իշխանին ուղղուած, մեր սրտէն բխած, ինչպէս նեաւ բովանդակ բարի կամք ունեցող այր մադոց ու կիներու աղերսը։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.