2015-09-02 13:15:00

Հունգարիոյ մէջ շոգեկառքի կայարանը փակ պահուած է գաղթականներուն դիմաց


(Ռատիօ Վատիկան) Հունգարիոյ մէջ, Սուրիացի եւ այլ երկրի գաղթականներուն դիմաց, քաղաքին շոգեկառքի կայարանի դռները փակ պահուած  են մինչեւ այսօր։ Երկուշաբթի, 1 սեպտեմբերին, հունգարացի զինուորներ, արցունքաբեր կազեր օգտագործելով հեռացուցած են ամբոխը շոգեկառքի կայարանէն, փակ պահելով կայարանի երեք մայր մուտքերը։

Նշենք թէ, միչնեւ այսօր, աւելի քան 3500 գաղթականներ հասած են Վիեննա, ուր ներկայացուցած են քաղաքական ապաստանի խնդրագիր։ Իսկ վերջին 20 ժամերուն, 2000 հոգիներ մուտք գործած են Մոնաքօ քաղաք։ 

Հունգարիոյ պետութիւնը մեղադրած է Գերամնիոյ վարչապետ Անկէլա Մեքելը, անցեալ օրերուն գաղթականները ընկակելու առընչութեամբ կատարած իր մէկ յայտարարութեան համար, ուր ան հրաժարած էր իր ստանձնած բոլոր պատասխանատուութիւններէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.