2015-09-01 10:53:00

Ուղղափառ եկեղեցին կը միանայ Արարչագործութեան խնամքի աղօթքի օրուան


(Ռատիօ Վատիկան) Կաթողիկէ Տիեզերական Եկեղեցին, հաղորդութեամբ Օրթոտոսք Եկեղեցիներուն, 1 սեպտեմբեր 2015-ին, կը նշէ Արարչագործութեան խնամքի դիտաւորութեան համաշխարահային աղօթքի օրը, որ հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ։

Այս առընչութեամբ, Վատիկանի Ռատիօ կայանը հարցազրոյց կատարեց Մալթայի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ մետրապոլիտ, Արքեպիսկոպոս Կեննատիոսի հետ։

Սրբազան հայրը յայտնեց, թէ տարիներէ ի վեր Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոս մօտէն կը հետաքրքրուի կենսոլորտային հարցերով։ Այսօր, շատ ուրախ ենք, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յորդորած է Աստուծոյ ժողովուրդը, աղօթելու արարչագործութեան համար, որովհետեւ մարդ պէտք է պատասխանատուութիւնը ունենայ յարգելու եւ սիրելու ստեղծագործութիւնը, ուր մարդ արարածը կը բնակի։

Ֆրանչիսկոս Պապն ու Բարթողիմէոս Պատրիարքը մղուած են Աստուածոյ շնորհքէն, եւ զգացած հսկայ պատասխանատուութիւնը։ Արարչագործութիւնը մարդու ձեռքբերումը չէ, այլ պարգեւը մը՝ Աստուծմէ շնորհուած մարդուն։

Եկեղեցին միշտ մտահոգ է, եւ կ՝ուզէ որ Աստուծոյ այս թանկագին պարգեւը միշտ յարգուած ըլլայ, յատկապէս, ինչպէս կ՝ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ աղօթքի միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.