2015-08-31 12:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 31 օգոստոսի գործունէութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 31 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 9.30ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իտալիոյ Փերուճա թեմի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Կուալթիէրօ Պասէթթին։ Ժամը 10.00ին, յաջորդաբար ընդունեց Ֆիրէնցէ թեմի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ճուզեփփէ Պեթորին՝ Թորչելօ թեմի տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս, Քամերունի եւ Կուինեա Էքաութորիա քաղաքներու Պապական նուիրակ՝ գերապայծառ Փիերօ Փիոփփօն, Փորթուկալի մէջ Պապական նուիրակ՝ Գերապայծառ Ռիսօ Փասսիկաթոն, Քոլոմպիայ Պապական նուիրակ՝ Գերապայծառ Էթթորէ Պալէսթրոն։

Իսկ կէսօրին՝ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Պելժիքայի Պապական նուիրակ՝ Գերապայծառ Ժաչինթօ Պերլոքօն, հուսկ՝ Զուիցերիական պահակագունդի հրաժարեալ մատրանապետ՝ հայր Փասքլա Պուրրին, որ եկած է Նորին Սրբութեան այցելելու՝ իր հրաժարականի առիթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.