2015-08-31 14:09:00

Պքերքէի մէջ կայանալիք Քրիստոնեայ-Իսլամ ժողովը յետաձգուեցաւ


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 31 օգոստոսին, Լիբանանի Մարոնիներու Պքերքէ պատրիարքարանի մէջ նախտեսուած քրիստոնեայ-իսլամ համագումարը յետաձգուած է անորոշ թուկանի մը։

Այս մասին կը յայտնէ Ֆիտէս Լրատուական գործակալութիւնը, նշելով թէ ժողովի յետաձգման պատճառները տակաւին չեն յայտնաբերուած։։

Լիբանանի զանազան հաղորդամիջոցներու տուեալներուն համաձայն՝ ժողովը յետածգուած է կարգ մը մահմետական կրօնի պատկանող ներկայացուցիչներու բացակայութեան պատճառաւ։ Յիշեալ ժողովը զանազան կրօնական հասարակութիւններու ներկայացուցիչներուն առիթ պիտի հանդիսանար՝ բաժնեկցելու հասարակաց մտահոգութիւններ, ինչպէս՝ գաղթականութեան եւ 2004էն իր վեր Լիբանանի նախագահական թափուռ աթոռի հարցերը։

Լիբանանի մէջ տակաւին կը շարունակուին բողոքի եւ նստացոյցի հաւաքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.